Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ճալալ Յարութիւնեանին Մեղադրանք Ներկայացուած Է, Վերջինիս Պաշտօնավարումը Կասեցուած Է. ՔԿ

Ճալալ Յարութիւնեանին Մեղադրանք Ներկայացուած Է, Վերջինիս Պաշտօնավարումը Կասեցուած Է. ՔԿ

by MassisPost

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութեան մէջ քննուող քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ իրականացուած մեծածաւալ քննչական եւ վարութային գործողութիւններու հետեւանքով պարզուած է, որ զինուորական ղեկավար պաշտօն զբաղեցուցած, կոչումով` զօրավար-լեյթենանթ Ճ.Յ-ն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ սանձազերծուած եւ վարած յարձակողական պատերազմին ընթացքին յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններուն նկատմամբ` չկատարելով եւ ոչ-պատշաճ կատարելով զանոնք, որպիսի գործողութիւնները յառաջացուցած են ծանր հետեւանքներ. իւրային ստորաբաժանումները կրած են մեծաքանակ մարդկային ուժի եւ զինուորական սարքերու  կորուստներ, պահեստային ստորաբաժանումները դարձած են անմարտունակ, զբաղեցուցած կրակային դիրքերը անցած են հակառակորդին հսկողութեան տակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment