Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Դիւանագիտական Պարտութիւնները

Ատրպէյճանի Դիւանագիտական Պարտութիւնները

by MassisPost

44-օրեայ Պատերազմէն ետք Պաքու անդադար կը կրկնէ թէ, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբը դադրած է գոյութիւն ունենալէ,  Ղարաբաղեան հարց գոյութիւն չունի այլեւս, իսկ հոն ապրող հայերը Ատրպէյճանի քաղաքացիներ են մնացեալ միւս ազգերուն նման: Սակայն վերջին օրերուն, Ատրպէյճանական դիւանագիտութիւնը ստացաւ երկու մեծ հարուած« որոնք կու գային հակադրուելով իր առաջ մղած այդ տեսակէտները:

Նախ, յայտարարուեցաւ որ, ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրը նշանակած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ: Այս նշանակումով Միացեալ Նահանգները կու գար անգամ մը եւս հաստատելու իր այն դիրքորոշումը որ, տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան միակ երաշխիքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններն են` Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ:    ԱՄՆ-ի ուղարկած այս պատգամը արժանացաւ Պաքուի բուռն հակազդեցութեան: Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը  Էնթընի Պլինքընի որոշումը նկատեց տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւններէն հեռու մօտեցում,  աւելցնելով որ, Մինսքի Խումբի վերակենդանացման փորձերը կրնան յանգեցնել ԱՄՆ-ի հեռացման ատրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն: Ալիեւի վարչակարգը եթէ կը խորհի որ, նման սպառնալիքներով  Ամերիկայի նման գերպետութիւն մը կրնայ դուրս մղել տարածաշրջանէն   ինքզինք պիտի գտնէ նոր անակնկալներու առջեւ:

Ֆրանսան չուշացաւ շնորհաւորելու Ֆիլիփ Ռիքըրի նշանակումը, այդպիսով ցոյց տալով որ, կը կառչի  Մինսքի խումբի  առաքելութեան: Երրորդ երկիրը` Ռուսաստանը, առայժմ որեւէ յստակ դիրքորոշում չի յայտներ, իսկ Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառաւ միւս երկու երկիրներուն հետ իր դիւանագիտական շփումները ներկայիս գրեթէ գոյութիւն չունին:

Պաքու ստացաւ երկրորդ հարուած մը եւս, որ դարձեալ կը վերաբերի Ղարաբաղեան հարցին: Մի քանի օր առաջ,  Շուշիի մէջ կազմակերպած էր համաժողով մը, որուն հրաւիրուած էին Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու դիւանագէտները: Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի ներկայացուցիչները մերժած են գրաւեալ Շուշի քաղաքը այցելելու հրաւէրը: Ալիեւի  արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը համաժողովի իսկ բեմէն յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի դեսպանները բացայայտ անտեսած են Ատրպէյճանի կառավարութեան` Շուշի այցելելու հրաւէրը: Հաճիեւը այդ հրաւէրի մերժումը գնահատած էր որպէս Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան չճանաչում:

Միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ, երբ պետութիւններ ճանչնալով հանդերձ մէկ այլ երկրի հողային ամբողջականութիւնը, վիճելի կը նկատեն այդ երկրի որոշ տարածքներու պարագան:  Աշխարհի բոլոր երկիրները կÿընդունին Ռուսաստանի հողային ամբողջականութիւնը, սակայն անոնցմէ շատեր կը մերժեն ճանչնալ Խրիմի կցումը:

Միջազգային հանրութիւնը նոյն սկզբունքը պէտք է գործադրէ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն նկատմամբ ու հետեւելով Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի օրինակին, մերժէ մասնակցիլ Ատրպէյճանի նմանատիպ «սադրիչ համաժողովներուն»:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment