Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը Կը Ներկայացնէ 2022-2023 Տարեշրջանի Կրթանպաստներու Արժանացած Ուսանողները

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը Կը Ներկայացնէ 2022-2023 Տարեշրջանի Կրթանպաստներու Արժանացած Ուսանողները

by MassisPost

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) Կրթանպաստներու Հիմնադրամի Յանձնախումբը ուրախ է   յայտարարելու իր 2022-2023 տարեշրջանի մրցանակակիրները՝  Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն:

ՀԿԲՄ-ի կրթանպաստներու Յանձնախումբը ստացած էր մեծ թիւով դիմումներ՝   բարձր որակաւորում ունեցող թեկնածուներէ, երեք երկիրներու մէջ:  Ընտրութեան գործընթացը  բաւական դժուար էր, սակայն բաւարարութիւն պատճառող:  Հինգ ուսանողներ ընտրուեցան Միացեալ Նահանգներէն, իսկ երկուքական հոգի Հայաստանէն եւ  Լիբանանէն:

Ամերիկահայ ուսանողներու մրցանակներու յանձնումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Օգոստոս 14-ին, հանգանակային նախաճաշի մը ընթացքին,  Միութեան Փասատինայի կեդրոնէն ներս ՀԿԲՄևի բարերարներու,  համակիրներու եւ ուսանողներու  ընտանիքի անդամներու ներկայութեամբ:

Ներկաներուն ողջունեց Յանձնախումբի անդամ եւ միջոցառման հանդիսավար տիկին Քաթիա Քրմոյեան-Խոտանեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորի ներկայութեան եւ ապա հրաւիրեց  բոլորը Brunch/ նախաճաշի գեղեցիկ սեղանին:

Պաշտօնական արարողութիւնը սկսաւ տիկին Քրմոյեան-Խոտանեան ներկայացնելով ՀԿԲՄ-ի առաքելութեան հակիրճ պատմութիւնը եւ կրթանպաստներու հիմնադրամի գլխաւոր նպատակները:

Ապա, ջութակի կատարումով ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ եւ խոստմնալից արուեստագէտ՝ Տիգրան Մելիքեանը՝ նուագելով Պախի Minuets 1 and 2 from Partita No. 3 կտորը:

Դոկտ. Լինտա Կէրկէրեան-Մկրտիչեան հմայեց ներկաները՝ ասմունքելով Համօ Սահեանի «Տարիներս» բանաստեղծութիւնը:

Օրուայ գլխաւոր բանախօսն էր Նորթրիճ համալսարանի քիմիայի փրոֆ., գիրքերու հեղինակ՝ Դոկտ.  Գագիկ Մելիքեան: Ան իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ հայերու բացակայութեան Ամերիկեան բարձր քաղաքական բեմէն, գիտահետազօտական կեդրոններէն եւ համալսարաններէն ներս: Փրոֆ. Մելիքեանի կարծիքով հայկական ներկայութիւնը՝ այդ կեդրոններէն ներս ընկերային ու քաղաքական մեծ ազդեցութիւն պիտի  ունենայ մեր ժողովուրդին վրայ: Դոկտ. Մելիքեանի բարձրացուցած հարցերը խորհրդածելու առիթ կը ծառայեն ուսանողներուն:

Այնուհետեւ պարգեւատրման արարողութիւնը ղեկավարեց Յանձնախումբի անդամ՝ Դոկտ.  Ռոզին Տէր-Դաւիթեան: Անդրադառնալով ՀԿԲՄ-ի տեսլականին` բարելաւելու երիտասարդութեան կեանքը ուսման միջոցաւ, ան բացատրեց, թէ  Կրթանպաստներու Հիմնադրամի գլխաւոր նպատակն է  խրախուսել երիտասարդները բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու եւ  հայ համայնքի կեանքէն ներս ծառայելու:

ՀԿԲՄ-ի 2022-2023 կրթանպաստներուն արժանացան հետեւեալ ուսանողները.

Միացեալ Նահանգներ.


Մարալ Գուրգէնեան, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա – GPA 4.02
Յաճախելով Սանթա Պարպարայի  համալսարանը` Մարալ կ՛ուսանի նախաքիմիայ` նպատակ ունենալով ուսումը շարունակել բժշկութեան, մասնաւորապէս դեղագործութեան մէջ:
Ան գործնական մասնակցութիւն ունեցած է յատկապէս Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ բարեսիրական աշխատանքներուն մէջ:

Գրիգոր Մազմանեան, Սիերա Մատրէ, Քալիֆորնիա – GPA 4.4
UCLA Համալսարանէն ներս Գրիգոր  պիտի մասնագիտանայ Էլեկտրաճարտարագիտութիւն ճիւղին մէջ: Գրիգոր  անդամակցած է  Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան եւ  ՀԲԸՄ-ի սկաուտներուն:

 

Քարինա Մեսսերլեան, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա – GPA 4.3
Յաճախելով Ֆրեզնոյի Քալիֆորնիա Նահանգային Համալսարան Քարինա պիտի հետեւի Liberal studies ճիւղին: Ան եղած է  ՀՄԸՄևի սկաուտ նաեւ մարզիկ եւ անդամակցած է Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն  Եկեղեցւոյ երիտասարդական շարժումին:

Էտկար Սահակեան, Նորթ Հիլզ, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ – GPA 4.5
UCLA համալսարանի հոգեբանութեան 3-րդ տարուայ ուսանող:  Էտկար եղած է
Գէորգեան պարարուեստի ակադեմիայի անդամ, ղեկավար եւ ճամբարի խորհրդատու:  Սահակեան կը գործէ Համալսարանի մէկէ աւելի ուսանողական միութիւններէն ներս եւ կ՛անդամակցի UCLA-ի Հայ Ուսանողներու Միութեան:

Մէյսին Թոփուզեան, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա – GPA 4.22
Յաճախելով Ֆրեզնոյի Նահանգային համալսարան ան պիտի հետեւի Liberal studies ճիւղին: Մէյսին եղած  է Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Կազմակերպութեան անդամ: Ան մասնակցած է բազմաթիւ ծրագիրներու, որոնցմէ վերջինը արցախեան պատերազմի մասնակից զինուորներուն ի նպաստ հանգանակութեան:

Հայաստան եւ Լիբանան.
Յառաջիկայ շաբաթներուն ՀԿԲՄ-ի  կրթանպաստները պիտի յանձնուին Հայաստանի եւ Լիբանանի ընտրեալ ուսանողներուն Երեւանի եւ Պէյրութի տեղական մասնաճիւղերուն միջոցաւ:

Արուսեակ Սերոբեան, Երեւան, Հայաստան
Սովորելով Երեւանի Պետական համալսարանի Ֆինանսական/տնտեսագիտական գոլէճը պիտի ուսանի վարչագիտութիւն:

 

Միսակ Գույումճեան, Երեւան, Հայաստան
Յաճախելով Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան` Գույումճեան ընտրուած է  փաստաբանութեան  մագիստրոս ծրագիրին:

Կասիա Նորշահեան, Պուրճ Համուտ, Լիբանան
Յաճախելով Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանը ան պիտի մասնագիտանայ հիւանդապահութեան ճիւղին մէջ: Նորշահեան շրջանաւարտ է Պէյրութի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճէն:

Կարինէ Թանկեան, Պէյրութ, Լիբանան
Կարինէ Թանկեան կ’ուսանի Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս  մասնագիտանալով հիւանդապահութեան ճիւղին մէջ: Ան շրջանաւարտ է Պէյրութի  Սահակեան Լեւոն-Մկրտիչեան Գոլէճէն:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու եւ կամ նուիրաբերելու համար այցելել մեր կայքը` www.aebu.org:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment