Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Վերահաստատած Է ԼՂ Խնդիրին Հետ Կապուած Բոլոր Հարցերը Բանակցային Ճանապարհով Կարգաւորելու Անհրաժեշտութիւնը

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Վերահաստատած Է ԼՂ Խնդիրին Հետ Կապուած Բոլոր Հարցերը Բանակցային Ճանապարհով Կարգաւորելու Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

ԱՄՆ վստահ է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու «պատմական հնարաւորութիւնը» դեռ կը պահպանուի: Այս մասին յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսը:

«Չնայած անյաջողութիւններուն, մենք, ինչպէս նախապէս, կը համարենք, որ ունինք այդ հնարաւորութիւնը: Մենք միշտ հասկցած ենք, որ այդ երբեք պիտի չըլլայ գծաձեւ գործընթաց: Մենք կը համարենք, որ շարունակական երկխօսութեան, մշտական փոխգործակցութեան, այդ շարքին` ամենաբարձր մակարդակով, ճանապարհով մենք պիտի կարենանք ընել ամէն հնարաւորը` հասնելու համար երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութեան», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:

Փրայսի խօսքով` ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը «վերջերս հնարաւորութիւն ունեցաւ շփուելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներուն հետ»: «Մենք խոր մտահոգութիւն յայտնած ենք վերջին ռազմական գործողութիւններուն առնչութեամբ… որոնք յանգեցուցած են զոհերու: Մենք կոչ ըրած ենք անյապաղ քայլերու ձեռնարկել լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ կողմերուն միջեւ հետագայ սրում թոյլ չտալու համար», յաւելած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Իրավիճակի վերջին սրումը, շարունակած է Փրայս, «կ’ընդգծէ հակամարտութեան հետ կապուած մնացած բոլոր հարցերը բանակցութիւններու ճանապարհով համապարփակ եւ կայուն կարգաւորմամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնը…»:

«… Մենք մտադիր ենք շարունակել աշխատիլ կողմերուն հետ: Մենք պիտի շարունակենք այդ ընել… որպէսզի երկիրներուն օգնենք հասնելու երկարաժամկէտ եւ համապարփակ խաղաղութեան», եզրափակած է դիւանագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment