Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2022-ին Հայաստանը Ամէնէն Շատ Զբօսաշրջիկներ Ընդունած Է Ռուսիայէն, Իրանէն, Գերմանիայէն

2022-ին Հայաստանը Ամէնէն Շատ Զբօսաշրջիկներ Ընդունած Է Ռուսիայէն, Իրանէն, Գերմանիայէն

by MassisPost

Ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստան եկած զբօսաշրջիկներու թիւը կազմած է 590 հազար: ՀՀ Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի նախագահ Սիսիան Պօղոսեան նշեց, որ այս ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նկատելի աճած է:

«Ամէնից շատ զբօսաշրջիկներ Հայաստան գալիս են մեր թիրախային շուկաներից` Ռուսաստանից` մօտ 56 տոկոս: Այնուհետեւ յաջորդում են Իրանը, Գերմանիան, Վրաստանը, ԱՄՆ-ն: Զբօսաշրջային տարբեր արտադրութիւններով ու առաջարկներով փորձում ենք աշխուժացնել ինչպէս մեր աւանդական թիրախային շուկաները, այնպէս էլ նոր ուղղութիւններ ներգրաւել», ըսաւ Սիսիան Պօղոսեանը:

Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի նախագահին խօսքով` համավարակով պայմանաւորուած Հայաստանի մէջ զբօսաշրջային ցուցանիշները զգալի նուազած էին, սակայն այս տարուան աշխուժութիւնը կը վկայէ, որ կշռոյթները քիչ-քիչ կը վերականգնուին: Սիսիան Պօղոսեան նշեց, որ դէպի Հայաստան զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու տեսանկիւնէն որպէս նոր ուղղութիւններ նախանշած են Ֆրանսան ու ԱՄԷ-ն: Այս ուղղութեամբ աշխոյժ աշխատանք կը նախատեսուի: ԱՄԷ-ի քաղաքացիներուն համար արդէն դիւրացուած է վիզա ստանալու գործընթացը: Վերջերս վիզա ստանալու գործընթացը դիւրացուեցաւ նաեւ Եգիպտոսի քաղաքացիներուն համար: Յառաջիկային կը նախատեսուի փոխադարձ ճանաչողական այցեր:

Զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու տեսանկիւնէն կը կարեւորուի զբօսաշրջային արդիւնքի զանազանեցումը, մեծ միջոցառումներու, մրցաշարարքերու, համերգային ծրագրերու կայացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment