Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փրօֆ . Րիչըրտ Յովհաննիսեան Կը Մեծարուի

Փրօֆ . Րիչըրտ Յովհաննիսեան Կը Մեծարուի

by MassisPost

Կիրակի, 7 Օգոստոս 2022-ին, երեկոյեանժամը 6ին։ Պոլսահայ Միութիւնը իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած է առասպելական գիտնականՓրօֆ. Վահագն Նորայր Տատրեանի մահուան 3-րդ տարելիցի առթիւ, յիշատակի եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու երեկոյմը:

Ձեռնարկինկը մասնակցին՝ Արարատ Տան Էսկիճեան Թանգարան, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն,Համազգային, Իրանահայ, Իրաքահայ Ընտանեկան Միութիւններ, ՀայկականՈւսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու Ազգային Միութիւն (ՆԱԱՍՐ), Խոստումհայկական Հիմնարկ եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւն:

Երեկոյի հանդիսավարը պիտի ըլլայ ՄարիէթՕհանէս: Այս հանդիսաւոր միջոցառման կապակցութեամբ Պոլսահայ Միութեան վարչութիւնըհպարտութեամբ կը յայտնէ, որ տեղի պիտի ունենայ Միութեան տարեկան Վահագն Ն.Տատրեանի անուան «Վահագն Ն. Տատրեան Ցեղասպանութեան Ուսումնականութեան» մետալիպարգեւատրումը: Այս մրցանակը կը յանձնուի ականաւոր և միջազգային նշանաւորգիտնականներուն, որոնց հետազօտութիւնները, յօդուածներն ու գործողութիւնները առաջ բերածեն Վահագն Ն. Տատրեանի՝ ցեղասպանութիւններու արդարութեան և կանխարգելման, ինչպէսնաև մարդկային արժանապատուութեան խթանման տեսլականը:

Այսյատուկ երեկոյի ընթացքին, այս մրցանակի երրորդ դափնեկիրը պիտի ըլլայ Փրօֆ. Րիչըրտ Կ. Յովաննիսեանը:

Ծրագրին պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:

Մեծ պատիւ պիտի ըլլայ Պոլսահայ Միութեանհամար, մինչ մենք կը նշենք Պոլսոյ այս մեծ զաւկին և հայ ազգի յիշատակը:

Կը խնդրենք ձեր տեղերը ապահովել՝ bolsahye1976@gmail.comելեկտրոնային հասցէին եւ կամ զանգահարելով Միութեան Հոգաբարձու՝ Տոքթ. ՅովհաննէսԳուլակ Աւետիքանին բջիջային հեռախօսին՝ (818) 800-1976.

Սիրով կը սպասենք ձեզ Օգոստոս 7-ին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment