«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնը ամփոփեց 19-րդ տարեշրջանը: Փակման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը: Ծիրանառատ ֆիլմի տօնը եօթը օր շարունակ նոր շունչ ու թարմութիւն հաղորդեց քաղաքամայր Երեւանի մշակութային կեանքին: Ֆիլմերու ընտրանին հարուստ էր, զանոնք դիտելու շտապող ֆիլմասէրներու պակաս ալ չկար:
Ի դէպ, փառատօնի պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ մշակութային այս կարեւոր իրադարձութեան գլխաւոր հովանաւորութիւնը ստանձնեց Երեւանի քաղաքապետարանը: Քաղաքային իշխանութիւնները այսուհետ եւս կանգնած պիտի ըլլան Երեւանի մշակութային միջավայրն ու կեանքը հարստացնող ծրագրերու եւ նախաձեռնութիւններու կողքին:
Փառատօնը այս տարի մրցութային 3 ծրագիր ունէր: Ընդգրկուած էին հեղինակային ֆիլմի 100-է աւելի լիամեթրաժ ու կարճամեթրաժ ֆիլմեր, այդ շարքին` Քաննի, Պերլինի եւ միջազգային այլ փառատօներուն ներկայացուած ժապաւէններ: Դատական կազմին աշխատանքը որքան բարդ, նոյնքան ալ պատասխանատու էր:
«Ոսկէ Ծիրան»-ի այս տարուան ծրագրով յատուկ անդրադարձ կար Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին. փառատօնային շաբթուան ընթացքին ներկայացուեցաւ տարբեր երկիրներու կողմէ նկարահանուած 5 ֆիլմ: Անոնցմէ մէկով` Կարին Յովհաննիսեանի «Չտեսնուած Հանրապետութիւն» ֆիլմի ցուցադրութեամբ փակուեցաւ ֆիլմի փառատօնը: