Յուլիս 16-ին Թիֆլիսի մէջ Վրաստանի արտաքին գործերու նախարար Իլեա Տարչիաշվիլիի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցերու լայն շրջանակի: Կողմերը քննարկած են այս առումով նախապէս ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը եւ միտքեր փոխանակած են հետագայ հնարաւոր քայլերու շուրջ:
Նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմին տեսակէտը առ այն, որ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը, եւ այս ծիրին մէջ ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահութեան եւ անոր փորձի օգտագործման կարեւորութիւնը` իր միջազգային մանտաթին համապատասխան:
ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը շեշտած է մարդասիրական խնդիրներու, այդ շարքին` հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման ու հայրենադարձման եւ անհետ կորսուած անձերու ճակատագրերու պարզաբանման խնդիրներու հասցէագրման կարեւորութիւնը:
Արձանագրուած է շփումները շարունակելու կողմերուն պատրաստակամութիւնը: