Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռազմական Ոլորտին Մէջ Երեւանն Ու Տելհին «Սկսած Են Փնտռել Յստակ Ու Երկարաժամկէտ Համագործակցութեան Ուղիներ»

Ռազմական Ոլորտին Մէջ Երեւանն Ու Տելհին «Սկսած Են Փնտռել Յստակ Ու Երկարաժամկէտ Համագործակցութեան Ուղիներ»

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ նկատելիօրէն աշխուժացած հայ-հնդկական յարաբերութիւններու օրակարգին մէջ ռազմական համագործակցութեան հարցն է: Ընդ որում, ինչպէս յայտարարուեցաւ Երեւանի մէջ Հայաստանի ու Հնդկաստանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հանդիպման ընթացքին, պաշտպանութեան ոլորտին մէջ կողմերը հակուած են երկարաժամկէտ համագործակցութեան:

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հնդկաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Արեւմտեան ուղղութեան քարտուղար Սանճայ Վերմանը, որ ժամանած է` մասնակցելու հայ-հնդկական միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստին

«Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ սկսած ենք փնտռել յստակ համագործակցութեան ուղիներ: Այս ոլորտին մէջ երկարատեւ համագործակցութեան ուղիներ կը փնտռենք: Առեւտուրի ու տնտեսութեան բնագաւառին մէջ որոշակիացման գործընթաց մեկնարկել, ուր կրնանք յառաջ երթալ: Երկկողմ ներդրումներու պակաս կայ: Իմ, մեր կառավարութեան պարտականութիւնն է քաջալերել հնդկական արդիւնաբերութիւնը, գործարարները` Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարել, որովհետեւ հնարաւորութիւնները, ներուժը մեծ են», ըսաւ Սանճայ Վերման:

Թէ ռազմական ոլորտին մէջ ճշգրիտ ինչ համագործակցութեան մասին է խօսքը, հնդիկ պաշտօնեան չմանրամասնեց:

Ատրպէյճանի հետ պատերազմէն առաջ` 2020-ի Մարտին, հնդկական մամուլը գրեց, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը Ռուսիոյ, Լեհաստանի եւ Հնդկաստանի ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններէն ընտրած է վերջինները, եւ Տելճին Երեւանին պէտք է մատակարարէ 50 քիլոմեթր շառաւղով հրետանիի արկերու եւ տարաբնոյթ հրթիռներու ուղղութիւնը, արագութիւնը որոշող նորագոյն չորս` Swathi ռատարներ` 40 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ, որոնք առաջին անգամ մատակարարուած են հնդկական բանակին 2018-ին:

Պաշտօնական աղբիւրները, սակայն, լռում են` արդեօք Հայաստանը գնե՞ց այդ ռատարները:

Նախորդ մէկ տարիէն պակաս ժամանակահատուածին Հայաստանի ու Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարարները հանդիպած են երեք անգամ, որոնցմէ մէկը անցեալ Հոկտեմբերին Սուպրամանեամ Ճայշանքարի այցն էր Երեւան` աննախադէպ երկու պետութիւններու պատմութեան ընթացքին: Նախարար Միրզոյեանն այդ այցը «շատ կարեւոր» բնութագրեց եւ ըսաւ, որ այդ ժամանակ ալ մշակուած է երկկողմ համագործակցութեան «յաւակնոտ ճանապարհային քարտէզ», որ կեանքի կը կոչուի:

«Անելիք ունենք տեղեկատուական արհեստագիտութիւնների եւ հաղորդակցութեան, դեղագործութեան, գիտութեան, կրթութեան բնագաւառներում մեր համագործակցութիւնը զարգացնելու համար: Նշեմ նաեւ, որ պաշտպանութեան եւ ռազմատեխնիկական ոլորտները, գիւղատնտեսութիւնը, փոխադրութիւնը, քաղաքացիական օդագնացութիւնը, զբօսաշրջութիւնը, առողջապահութիւնը մեծ ներուժ ունեն եւ չափազանց խոստումնալից են մեր երկու երկրների համար: Այս ուղղութիւններով տարուող շարունակական քննարկումները կը վերածուեն գործնական պայմանաւորուածութիւնների եւ նոր հնարաւորութիւնների մեր կառավարութիւնների եւ գործարարների համար», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը:

Հայաստանի Համար Վտանգաւոր Է Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Կապուած Ըլլալ Բացառապէս Ռուսիոյ Հետ. Վերլուծաբան

Ռազմաքաղաքական հարցերով փորձագէտ Արեգ Քոչինեանի խօսքով` 44-օրեայ պատերազմը եւ անոր յաջորդած զարգացումները ցոյց տուին, թէ Հայաստանի համար որքան վտանգաւոր է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ գրեթէ բացառապէս Ռուսիայէն կախուած ըլլալը:

«Զէնքի հարցում Հայաստանն այս պահի դրութեամբ, կարծես թէ, ունի լուրջ խնդիրներ, որովհետեւ մեր հիմնական զէնքի մատակարար երկիրը` Ռուսաստանն ունի խնդիր անգամ սեփական կարիքները բաւարարելու ուղղութեամբ, ուր մնաց թէ դաշնակիցներին կամ իր տնտեսական գործընկերներին զէնք վաճառելու ուղղութեամբ, փոխարէնը Հայաստանը հանդիսանում է ՀԱՊԿ անդամ եւ Ռուսաստանի ռազմավարական դաշնակիցը, եւ բնական է, որ արեւմտեան երկրները կասկածամտօրէն կը վերաբերուեն Հայաստանին զէնք վաճառելու առաջարկներին: Այս պարագայում Հայաստանին պէտք են այլ արտադրողներ, այլ շուկաներ, որտեղից հնարաւոր կը լինի յարձակուողկան եւ պաշտպանողական զինատեսակներ ձեռք բերել, եւ այդպիսի դեր, չի բացառւում, որ վերցնի Հնդկաստանը», կը կարծէ ան:

Հայ-հնդկական քաղաքական նման մերձեցումը կ’ընթանայ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման լոյսին տակ: Վիճակագրական Կոմիտէին համաձայն` 2017-2021 թուականներու ընթացքին երկկողմ առեւտուրը աճած է աւելի քան չորս անգամ` հասնելով 216 միլիոն տոլարի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment