Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կը Քննարկենք Ընդդիմութեան Եւ Նախագահի Լիազօրութիւններու Մեծացումը Սահմանադրութեամբ. Դաւիթ Յակոբեան

Կը Քննարկենք Ընդդիմութեան Եւ Նախագահի Լիազօրութիւններու Մեծացումը Սահմանադրութեամբ. Դաւիթ Յակոբեան

by MassisPost

Սահմանադրութեան օրուան առթիւ ուղերձին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզմունք յայտնած է, թէ կառավարման խորհրդարանական համակարգը պէտք է պահպանուի: Ըստ ամենայնի նկատի ունենալով Զինուած Ուժերուն կողմէ իր հրաժարականը պահանջելը, որ Փաշինեանը ռազմական յեղաշրջման փորձ անուանած էր, վարչապետը այսօր ընդգծած է, որ 2021-ի իրադարձութիւնները ապացուցեցին, որ այս համակարգը «ճգնաժամեր կառավարելու, քաղաքական բանավէճին ժողովուրդի ներգրաւման ու վճռական մասնակցութեան աւելի գործուն մեխանիզմներ կ’ապահովէ»:

Միաժամանակ Փաշինեան կը յիշեցնէ, որ Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդ ձեւաւորած է, որ մինչեւ տարեվերջ պէտք է ներկայացնէ հայեցակարգի նախագիծ: Խորհուրդը նաեւ մասնագիտական յանձնաժողով ընտրած է, որու համակարգող, իրաւաբան Դաւիթ Յակոբեան եւս կողմ է, որ խորհրդարանական համակարգը պահպանուի:

«Նախնական քննարկումներ Խորհրդի անդամների եւ նաեւ յանձնաժողովի առանձին անդամների հետ ունեցել եմ եւ կարող եմ եւս փաստել, որ գերակշռող մօտեցումը խորհրդարանական կառավարման ձեւի պահպանումն է», ըսաւ ան:

«Օրինակ` մենք ականատես եղանք, եւ շատ քննադատուեց, կարծես, նաեւ քննարկուեց, դիտարկուեց քաղաքական հասարակութեան կողմից օրինակ` դատաւորների, որ վերջերս եղան ընտրութիւններ, իշխանութիւնը կողմ, զերօ ձայնով ընտրեց, մի գուցէ պէտք է դիտարկել` մեծամասնութիւնն այնքան ձայն չունենայ, որպէսզի չկարողանայ միանձնեայ, առանց ընդդիմութեան ներգրաւման մասնակցել իշխանութեան այլ թեւերի ձեւաւորմանը կամ կատարել նշանակումներ: Բնականաբար, այո՛, մենք ունենք հաւասարակշռման խնդիր, եւ հիմնական նպատակներից մէկը, որ աշխատում է յանձնաժողովը, իշխանութիւնների միջեւ այդ հաւասարակշռութիւնը վերականգնելն է որոշակի առումով»,  յաւելեց ան:

Դաւիթ Յակոբեան, այնուամենայնիւ, յառաջիկային պիտի փորձելէ ընդդիմադիրներու հետ հանդիպում կազմակերպել. «Ընդդիմութիւնը ձեւաւորեց քննիչ յանձնաժողով, քանի որ ունէր այդ իրաւունքը մէկ քառորդով, բայց Սահմանադրութիւնն ասում է` թուաքանակը պէտք է հաստատուի Ազգային Ժողովի որոշմամբ, այսինքն` մեծամասնութիւնը, եւ իրենց քննիչ յանձնաժողով, ըստ էութեան… Հէնց իրենց շահերից է բխում, եւ մենք օրինակ` նման հարցերը պէտք է շտկենք, որպէսզի փոքրամասնութեանը տրուելիք լծակները դառնան իրական եւ իրագործելի: Եւ ուզում ենք իրենք լսել, օրինակ` իրենք շատ էին, կարծես թէ, դժգոհում, որ 44-օրեայ պատերազմի քննութիւնը պէտք է իրականացնի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Հարցերի Յանձնաժողովը, այսինքն` հարցեր կան, որ մի գուցէ այդ քննիչ յանձնաժողովների մեխանիզմը փոխուի Սահմանադրութեան մէջ: Մենք ցանկանում ենք իրենց լսել եւ, բնականաբար, դեռ փորձելու ենք»:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հրաժարական տուաւ` պատճառաբանելով սահմանադրութեամբ բաւարար լիազօրութիւններ չունենալը:

«Նախագահը պէտք է ունենայ հնարաւորութիւն` կատարելու ուղղակի, կամ այդ տարբերակը կը ներկայացուի, նշանակումներ, օրինակ` Սահմանադրական Դատարանի դատաւոր, դիտարկում ենք նախագահին նաեւ, ինչու չէ, վեթոյի իրաւունք, այսինքն` ոչ միայն ունենայ հնարաւորութիւն` օրէնքը ուղարկել ՍԴ կամ առարկութիւններ եթէ գտնում է, ենթադրենք, որ առկայ է հակասութիւն սահմանադրականութեան հետ… այլ նաեւ թէկուզ այլ նկատառումներով` քաղաքական, քանի որ նա առաջնորդւում է համապետական, համազգային շահերով, նա գտնի, որ այս օրէնքում կայ նման խնդիր եւ ետ ուղարկի այդ օրէնքը խորհրդարան», ըսաւ Դաւիթ Յակոբեան:

Գործող նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնը ստանձնած ատեն չէր համաձայնած հեռացող Արմէն Սարգսեանի հետ, թէ նախագահը չունի զսպող լիազօրութիւններ, որ սա խորհրդարանական պետութիւն է միայն ձեւով, ոչ բովանդակութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment