Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տարօրինակ Են Թուրքիոյ Պաշտօնեաներիուն Յայտարարութիւնները, Թէ Գործընթացը Կը Համաձայնեցնեն Ատրպէյճանի Հետ. Ռուբինեան

Տարօրինակ Են Թուրքիոյ Պաշտօնեաներիուն Յայտարարութիւնները, Թէ Գործընթացը Կը Համաձայնեցնեն Ատրպէյճանի Հետ. Ռուբինեան

by MassisPost

Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը տարօրինակ կը համարէ Թուրքիոյ տարբեր պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները այն մասին, որ իրենք գործընթացը կը համաձայնեցնեն Ատրպէյճանի հետ:

«Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի մեկնարկից ի վեր Հայաստանը շատ կառուցողական է եղել: Հայաստանն ունի քաղաքական կամք եւ ցուցադրել է այդ կամքը` արագ կարգաւորման հասնելու: Գործընթացի յաջողութիւնը կախուած է Թուրքիայի համապատասխան կառուցողականութիւնից եւ քաղաքական կամքից: Ինչպէս տեսնում էք` մինչեւ այս պահն առանձնապէս մեծ յառաջընթաց չկայ, դա տեսանելի է», ըսաւ Ռուբինեան:

Ռուբինեանը վերահաստատեց, որ սահմանային վերասահմանազատման հարց չի քննարկուիր:

«Մի փոքր տարօրինակ են Թուրքիայի տարբեր պաշտօնեաների յայտարարութիւններն առ այն, որ իրենք գործընթացը համաձայնեցնում են Ատրպէյճանի հետ: Բայց նման գործընթացներում ամենակարեւոր բանը քաղաքական կամքն է, եթէ այդ քաղաքական կամքը կայ, մնացածը շատ հեշտ լուծուող հարցեր են», ըսաւ Ռուբինեան` յաւելելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կ’ուզէ հասնիլ շուտափոյթ կարգաւորման եւ անոր համար պատրաստ է գործադրելու գործուն քայլեր` նոյնը ակնկալելով թրքական կողմէն:

Ան յաւելեց, որ այդ գործընթացը դեռ շօշափելի արդիւնքներ չէ տուած, բայց այդ չի նշանակեր, որ չի ալ կրնարտալ: Նաեւ չի նշանակեր, որ հաստատ պիտի տայ:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն` «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին յայտարարութիւններունն` Ռուբինեան ըսաւ. «Այդ յայտարարութիւնները ոչ մի կերպ չեն նպաստում Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին, թերեւս, նոյնիսկ հակառակը` խանգարում են»:

Ռուբինեան վստահեցուց. ««Զանգեզուրի միջանցք» հասկացութիւն գոյութիւն չունի մեր օրակարգում: Հայաստանը միջանցքային տրամաբանութեան որեւէ նախագիծ, որեւէ երեւոյթ չի քննարկել, չի քննարկում եւ չի քննարկելու: Բացի դրանից` Հայաստանում «Զանգեզուր» անուանմամբ տարածքային միաւոր գոյութիւն չունի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment