Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով գրասենեակը յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըրը գործընկերներուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Գրասենեակի թուիթըրեան էջով հրապարակման մէջ նշուած է նաեւ, թէ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւը հրաժարած է քննարկման մասնակցելէ:
«ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահը այսօր խօսած է իր գործընկերներուն հետ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ապագան: Ցաւօք, Ռուսիոյ համանախագահը չէ ընդունած հրաւէրը: Մենք անհամբեր կը սպասենք Մինսքի Խումբի աշխատանքներու շարունակման», կ’ըսուի գրառման մէջ: