Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտըն Յայտնած Է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ Նոր Դեսպանի Թեկնածուին Անունը

Պայտըն Յայտնած Է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ Նոր Դեսպանի Թեկնածուին Անունը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նոր դեսպանի պաշտօնին առաջարկած է Քրիսթինա Քուիենի թեկնածութիւնը: Այս մասին ըսուած է Սպիտակ տան կայքին մէջ:

Քրիսթինա Քուիենը 2019 թուականէն մինչ օրս Ուքրանիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնակատարն է: 2016 թուականէն մինչեւ 2019 թուականի Ապրիլը ան զբաղեցուցած է Ֆրանսայի մէջ ԱՄՆ-ի փոխդեսպանի պաշտօնակատարի, դեսպանատան տնտեսական հարցերով խորհրդականի պաշտօնները:

Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին տարբեր պաշտօններ զբաղեցուցած է Թայլանտի, Բրիտանիոյ, Եւրոմիութեան, Ռուսիոյ, Ֆիլիփիններու մէջ ԱՄՆ դիւանագիտական առաքելութիւններուն մէջ: Քուիենը եղած է նաեւ ԱՄՆ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի ԵՄ, Ուքրանիոյ եւ Պելառուսիոյ հարցերով տնօրէն:

Գալիֆորնիա ծնած դիւանագէտը ունի քաղաքագիտութեան պսակաւոր արուեստից աստիճան եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու մագիստրոսի աստիճան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment