Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Հակափտածութիւն Կոմիտէն Եւ ԱՄՆ Հետաքննութիւններու Դաշնային Բիւրօն Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած Են

ՀՀ Հակափտածութիւն Կոմիտէն Եւ ԱՄՆ Հետաքննութիւններու Դաշնային Բիւրօն Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած Են

by MassisPost

Հայաստանի Հակափտածութիւն Կոմիտէի եւ ԱՄՆ Հետաքննութիւններու Դաշնային Բիւրոյի միջեւ ստորագրուած է Համագործակցութեան յուշագիր:

Յուշագիրը հայկական կողմէ ստորագրած է Հայաստանի Հակափտածութիւն Կոմիտէի նախագահի տեղակալի պաշտօնակատար Մուշեղ Պապայեանը:

Ինչպէս Կոմիտէն կը փոխանցէ, յուշագրին համաձայն, երկու կառոյցները պիտի համագործակցին փտածութեան յանցագործութիւններու դէմ պայքարի ոլորտին մէջ, պիտի կազմակերպեն փոխանակման ծրագրեր, դասընթացքներ, աշխատանքային քննարկումներ:

Պապայեանը Ուաշինկթընի մէջ էր 12-17 Յունիսին` Հակափտածութիւն Կոմիտէի եւ ԱՄՆ գործընկեր կառոյցներուն միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու հաստատման եւ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով:

Ան հանդիպած է նաեւ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի եւ իրաւապահ համագործակցութեան բիւրոյի, Համաշխարհային հակափտածութեան համակարգող գրասենեակի եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment