Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ծանր Վիրաւորանքով Յարուցուած Գործերը Պիտի Կարճուին, Սակայն Անձեր Կրնան Քաղաքացիաիրաւական Տիրոյթին Մէջ Դիմել Դատարան. ԱՆ Մամուլի Քարտուղար

Ծանր Վիրաւորանքով Յարուցուած Գործերը Պիտի Կարճուին, Սակայն Անձեր Կրնան Քաղաքացիաիրաւական Տիրոյթին Մէջ Դիմել Դատարան. ԱՆ Մամուլի Քարտուղար

by MassisPost

Ծանր վիրաւորանքը Յուլիս 1-էն կ’ապաքրէականացուի: Գրեթէ մէկ տարուայ ընթացքին այս յօդուածով յարուցուած բոլոր քրէական գործերը ենթակայ են կարճման:

ՀՀ արդարադատութեան մամուլի քարտուղար Մարիամ Մելքումեանը մեկնաբանեց, որ գործող օրէնսգիրքին համապատասխան ծանր վիրաւորանքու յատկանիշներով յարուցուած գործերը ենթակայ են կարճման եւ անձի նկատմամբ յարուցուած քրէական հետապնդման դադրեցման նոր օրէնսգիրքը ուժի մէջ մտնելէ յետոյ, քանի որ քրէական նոր օրէնսգիրքը չի նախատեսեր պատասխանատուութիւն այդ արարքի համար:

ՀՀ ԱՆ մամուլի քարտուղարը ընդգծեց, որ եթէ անձի դէմ այլ յօդուածով ալ քննութիւն կ’իրականացուի, ապա միայն ծանր վիրաւորանքի յօդուածը կը կարճուի:

«Սակայն անձը կարող է քաղաքացիաիրաւական տիրոյթում դիմել դատարան` ՀՀ քաղաքացիական օրէնսգրքի 1087.1-ին յօդուածով սահմանուած գործիքներից օգտուելու համար», յաւելեց Մարիամ Մելքումեանը:

Նշենք, որ Քաղաքացիական Օրէնսգիրքի 1087.1 յօդուածը կը սահմանէ անձի պատիւին, արժանապատուութեան կամ գործարար համբաւին պատճառուած վնասի հատուցման կարգը

Յիշեցնենք, որ ծանր վիրաւորանքը քրէականացուած է 2021-ի Օգոստոսին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment