Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ս․ Սարգսեանը Ծաղրած Է Սաղաթէլեանին Կամ Անոր Միջոցով Ձախողած Ընդդիմութեան Առաջնորդ Նշանակած է Քոչարեանին»

«Ս․ Սարգսեանը Ծաղրած Է Սաղաթէլեանին Կամ Անոր Միջոցով Ձախողած Ընդդիմութեան Առաջնորդ Նշանակած է Քոչարեանին»

by MassisPost

«Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի միջեւ հակասութիւններն այնքան սուր են, որքան նրանցից իւրաքանչիւրի եւ Նիկոլ Փաշինեանի», այս կարծիքին է Դեմոկրատական Այլընտրանք կուսակցութեան ղեկավար Սուրէն Սուրէնեանցը:

Ըստ քաղաքական գործիչին, իշխանութիւնը Նոյեմբեր 9-ի խորհրդանիշն է, ընդդիմութիւնը Հոկտեմբեր 27-ի եւ Մարտ 1-ի: Ինչ կը վերաբերի Սերժ Սարգսեանի նախօրէի խօսքին, որուն մէջ կը նշէր, որ շարժման արդիւքներուն մասին պէտք է Երեքշաբթի օրը լսել Իշխան Սաղաթէլեանին, Սուրէն Սուրէնեանցը նշեց․

«Սերժ Սարգսեանը ծաղրել է Սաղաթէլեանին կամ նրա միջոցով ձախողած ընդդիմութեան առաջնորդ է նշանակել Ռոպերթ Քոչարեանին»:

Քաղաքագէտը կը կարծէ, որ Դաշնակցութեան ղեկավարած շարժումը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ․

«Այդ կուսակցութեան անուան հետ են կապւում վերջին 30 տարուայ ահաբեկչական արարքներ, Հոկտեմբերի 27 իրականացնողները նախկին դաշնակցականներ էին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment