Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԳՇ Պետը Պիտի Ենթարկուի Պաշտպանութեան Նախարարին․ Կառավարութիւնը Փոփոխութիւն Կը Նախատեսէ

ԳՇ Պետը Պիտի Ենթարկուի Պաշտպանութեան Նախարարին․ Կառավարութիւնը Փոփոխութիւն Կը Նախատեսէ

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը փոփոխութիւններ կը նախատեսէ բանակին մէջ, որոնց հետեւանքով գլխաւոր շտաբի պետը պիտի ենթարկուի պաշտպանութեան նախարարին: Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը:

«Մենք ունենալու ենք նոր մոտել, որով գլխաւոր շտաբի պետը լինելու է պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը: Զինուած ուժերը զբաղուելու են միայն երկրի պաշտպանութեամբ, մարտական պատրաստութեամբ: Այսինքն` այն գործով, ինչով պիտի զբաղուի», ըսած է Պապիկեանը:

Հայաստանի Սահմանադրութեամբ Զինուած Ուժերու զինուորական ամենաբարձր պաշտօնեան գլխաւոր շտաբի պետն է, արդեօք առաջարկուող փոփոխութիւնը կարո՞ղ է հակասութիւն առաջացնել Սահմանադրութեան հետ: Այս հարցումին՝ Արդարադատութեան Նախարարութենէն պատասխանեցին, որ որեւէ հակասութիւն չեն տեսներ:

Մինչ այդ, ըստ Պապիկեանի, նախաձեռնած են օրէնսդրական փոփոխութիւն, որ յառաջիկային պիտի ուղարկուի Ազգային Ժողով:

Հարցին, թէ արդեօք սպասուող այս փոփոխութի՞ւնն է պատճառը, որ Հայաստանը մինչեւ օրս չունի գլխաւոր շտաբի պետ, ինչի համար կ’արժանանայ ե՛ւ խորհրդարանական ընդդիմադիրներու, ե՛ւ այլ ուժերու քննադատութեան, պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է․ «Պատճառը դա չէր, պատճառը նաեւ ճիշդ որոշում կայացնելն է ի հարկէ, բայց նաեւ այսօրուայ շտաբի պետի պաշտօնակատարն ամբողջութեամբ իրականացնում է շտաբի պետի լիազօրութիւնները, ես ուզում եմ հասկանալ` խնդիրն ինչի՞ մէջ է»:

Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի վերջին պետը Արտակ Դաւթեանն էր, ան ազատուած է այս տարուայ Փետրուարին: Անկէ յետոյ գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնակատար դարձած է առաջին տեղակալ Կամօ Քոչունցը, որ հիմա ալ կը շարունակէ պաշտօնավարել:

Անկէ մէկ տարի առաջ ալ գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ եղած էր, երբ ան եւ եւս 40 քառասուն բարձրաստիճան զինուորականներ պահանջած էին վարչապետին հրաժարականը: Նիկոլ Փաշինեանը այն ժամանակ սա զինուած յեղաշրջման փորձ համարած էր:

Խորհրդարանի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի անդամ, ընդդիմադիր պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան շտաբի պետ չնշանակելու մասին նախարարին բացատրութիւնը համոզիչ չի համարեր, ըստ անոր` Պապիկեանը մէկ ընելիք ունի` շտաբի պետի թեկնածու առաջարկելը. «Դա արւում է վարչապետի ներկայացմամբ, նախագահն է նշանակում եւ այլն բայց ակնյայտ է, որ հիմնական հարցերը նաեւ նրա աշխոյժ միջամտութեամբ է լինում: Եւ այս պահին կեղծ, թուացեալ փոփոխութիւնների փաթեթներ ներկայացնելու փոխարէն լաւ կը լինէր, որ նրանք զբաղուէին այն գործով, որի համար այնտեղ նշանակուած էին: Չնայած քաղաքական առումով այս իշխանութիւնից որեւէ սպասելիք այլեւս չկայ»:

Զինուած ուժերուն մէջ կը սպասուին այլ փոփոխութիւններ եւս

Նախատեսուող փոփոխութիւններով, Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբը այլեւս պիտի չզբաղի գնումներով ու թիկունքի սպասարկմամբ: Մինչդեռ գործող օրէնքին համաձայն, Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբը կը կազմակերպէ «զինուած ուժերի օպերատիւ, տեխնիկական եւ թիկունքային ապահովումը»:

«Այդ ամէնով պէտք է զբաղուեն այլ վարչութիւններ` Պաշտպանութեան Նախարարութեան կազմում գտնուող: Այսինքն` սկսած թիկունքային ապահովումից, պիտի իրականացուի ոչ զինուորականների կողմից: Շատ բաներ լինելու են պատուիրակուած: Ինչպէս սննդի պատուիրակումն է յաջող իրականացուել, չնայած բազում քննադատութիւններին», ըսած է նախարարը:

Պապիկեանը հակադարձած է ընդդիմախօսներու այն պնդումներուն, թէ բանակին մէջ պատերազմէն յետոյ ակնկալուող փոփոխութիւնները այդպէս ալ տեղի չեն ունենար` ըսելով, թէ ընդիմախօսները բոլորէն լաւ գիտեն, որ ամէն ինչի մասին չէ, որ կրնան բարձրաձայն խօսիլ, այդ շարքին` զէնքի ձեռք բերման առնչուող հարցեու. «Գաղտնի ընթացակարգով կատարուող գործողութիւններ են: Իրենք յատուկ են դրա մասին խօսում: Կան հոլովոյթներ, կան բանակցութիւններ, դրանց մասին խօսել չի կարելի ընդհանրապէս: Դրա մասին է խօսքը: Խօսքը ֆիզիքապէս զէնք-զինամթերքը միայն Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխման մասին չէ: Կայ ծրագրաւորում, կայ ընթացք, կան պայմանագրեր»:

Պատերազմէն յետոյ յառաջացած նոր սահմանները կահաւորելու, առաջնագիծ հասնող ճանապարհներու կառուցման ուղղութեամբ հսկայական աշխատանք կը տարուի, վստահեցուցած է նախարարը:

Տիգրան Աբրահամեանը կը հակադարձէ. «Ենթակառուցուածքների հետ կապուած հարցերը բաւականին բարդ են: Այնպէս էլ չի, որ դրանք հեշտ լուծուող են, որովհետեւ կան տեղամասեր, որոնք հակառակորդի ուղիղ նշանառութեան տակ են եւ այլն: Բայց խնդիրը այն է, որ ծաւալային առումով, թիրախային առումով ըստ կարեւորութեան, ըստ նշանակութեան աշխատանքները չի իրականացուել»:

Թէեւ հայ-ատրպէյճանական սահմաններուն պարբէաբար լարուած իրավիճակներ կ’ըլլան, այնուամեյանիւ, ըստ պաշտպանութեան նախարարին, պատերազմի վտանգ այս փուլին տեսանելի չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment