Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փոխվարչապետը Մասնակցած Է ՄԱԿ-ի ԶՀԿ Եւրոպայի Տարածաշրջանային Յանձնաժողովի 67-րդ Նստաշրջանի Բացման

Փոխվարչապետը Մասնակցած Է ՄԱԿ-ի ԶՀԿ Եւրոպայի Տարածաշրջանային Յանձնաժողովի 67-րդ Նստաշրջանի Բացման

by MassisPost

Փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեանը մասնակցած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Եւրոպայի տարածաշրջանային յանձնաժողովի 67-րդ նստաշրջանի բացման:

Միջոցառման մասնակցած են նաեւ Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Զուրապ Փոլօլիքաշվիլին, ՀՀ էտնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը, Յունաստանի զբօսաշրջութեան փոխնախարար Սոֆիա Զաչարաքին, այլք:

Փոխվարչապետ Մաթեւոսեանը, ողջունելով նստաշրջանի մասնակիցները, ուրախութեամբ փաստած է, որ ոլորտին մէջ Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուող քայլերը բարձր գնահատուած են անդամ երկիրներու կողմէ, որու հետեւանքով նախորդ տարի Աթէնքի մէջ կայացած Եւրոպայի տարածաշրջանի 66-րդ նիստի շրջանակներուն մէջ Հայաստանը ընտրուած է կազմակերպութեան Գործադիր Խորհուրդի անդամ 2021-2025 թուականներու ժամանակահատուածին համար:

UNWTO-2

Անդրադառնալով զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի կողմէ իրականացուող քաղաքականութեան` Համբարձում Մաթեւոսեանը նշած է, որ կառավարութիւնը զգօնութեամբ կը հետեւի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն եւ իրականացուող ծրագրերուն` լաւագոյն փորձը կիրառելով իր ներքին քաղաքականութիւններուն եւ ռազմավարութիւններուն մէջ:

Փոխվարչապետին խօսքով` 2020 թուականին ամբողջ աշխարհին մարտահրաւէր նետած Քովիտի համավարակը ոչ միայն առողջապահական խոր ճգնաժամ էր, այլեւ ծանր մարտահրաւէր համաշխարհային տնտեսութեան համար: «Զբօսաշրջութեան ոլորտը, որպէս տնտեսութեան ամենաաշխոյժ զարգացող ճիւղերից մէկը, եւս անմասն չմնաց այս արհաւիրքից: Համավարակի արդիւնքում, Հայաստանում նոյնպէս զբօսաշրջութիւնն առաւել տուժած ոլորտներից է: Սակայն, նաեւ շնորհիւ ոլորտում վարուող պետական ճկուն քաղաքականութեան, երկրում զբօսաշրջութեան ոլորտը վերականգնման ճանապարհին է», ընդգծած է փոխվարչապետը եւ յաւելած, որ միայն համատեղ ուժերով հնարաւոր պիտի ըլլայ վերադառնալ կայուն զարգացման 2030 Օրակարգի իրականացման:

«Մենք պէտք է դասեր քաղենք եւ վերափոխենք ոլորտը` հետագայ անցանկալի ճգնաժամերին աւելի լաւ պատրաստ լինելու համար: Այսօր բոլորիս պարտքն է համախմբել մեր ջանքերը, օգտագործել մեզ տրուած բոլոր լծակներն ու գործիքները` առողջացնելու ոլորտը եւ խթանելու զբօսաշրջութեան դերը կայուն զարգացման նպատակներին հասնելու գործում», ըսած է Համբարձում Մաթեւոսեանը եւ վերահաստատած Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը` արդիւնաւէտօրէն համագործակցելու ՄԱԿ-ի ԶՀԿ անդամ բոլոր երկիրներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն հետ` կեանքի կոչելու համատեղ նպատակները` ուղղուած կայուն զարգացման 2030 օրակարգի կենսագործման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment