Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Յոյն Վաւերագրողի «Լեռնային Ղարաբաղի Նռները» Ֆիլմը Կը Պատմէ Արցախահայութեան Մասին` Պատերազմէն Առաջ, Ընթացքին Եւ Յետոյ

Յոյն Վաւերագրողի «Լեռնային Ղարաբաղի Նռները» Ֆիլմը Կը Պատմէ Արցախահայութեան Մասին` Պատերազմէն Առաջ, Ընթացքին Եւ Յետոյ

by MassisPost

Յոյն յայտնի լրագրող եւ վաւերագրական ֆիլմերու բեմադրիչ Թոմաս Սիտերիսի «Լեռնային Ղարաբաղի Նռները» վաւերագրական ֆիլմին մէջ կը ցուցադրուի այն իրականութիւնը, որուն մէջ կը գտնուէր արցախահայութիւնը 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն յետոյ` հնարաւորութիւն տալով հանդիսատեսին տեսնելու եւ պատկերացնելու հայութեան առջեւ ծանրացած մարտահրաւէրները, անվտանգային խնդիրներն ու պատերազմի ողբալի էջերը` ֆիլմի հերոս հասարակ մարդոց եւ զինուորներու կարճ, բայց բովանդակալից պատմութիւններով: Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան իր այս գնահատականը ներկայացուցած է Յունիս 1-ին ներկայ գտնուելով վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրման:

Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան Ֆէյսպուքի էջին տեղեկացմամբ` ցուցադրութիւնը կայացած է Աթէնքի Studio New Star Art Cinema սինեմային մէջ, ներկայ եղած են Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ, յոյն մտաւորականներ, հայ հոգեւոր դասի եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ֆիլմի ցուցադրութենէն յետոյ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը, որ իր խօսքին մէջ ողջունեց միջոցառման մասնակիցները, հիւրերը եւ ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց միջոցառման կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ ֆիլմի բեմադրիչ Թոմաս Սիտերսին: Դեսպանը ընդգծեց ֆիլմին կարեւորութիւնը` նշելով, որ ֆիլմին մէջ կը ցուցադրուի այն իրականութիւնը, որուն մէջ կը գտնուէր արցախահայութիւնը 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն յետոյ` հնարաւորութիւն տալով հանդիսատեսին տեսնելու եւ պատկերացնելու հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, անվտանգային խնդիրներն ու պատերազմի ողբալի էջերը` ֆիլմի հերոս հասարակ մարդոց եւ զինուորներու կարճ, բայց բովանդակալից պատմութիւններով:

Դեսպանը նաեւ անդրադարձաւ ֆիլմին մէջ արծարծուած հայ ռազմագերիներու խնդիրին` շեշտելով, որ հարցը տակաւին վերջնական լուծում չէ ստացած, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական ուժերու կողմէ գործած պատերազմական յանցագործութիւթիւններուն, որոնք մինչ օրս անպատիժ մնացած են:

Ֆիլմի բեմադրիչ Թոմաս Սիտերսը իր խօսքին մէջ նշած է, որ, դէմ լինելով բռնութեան որեւէ դրսեւորման, փորձած է կեդրոնանալ մարդկային ճակատագրերուն վրայ` ընդգծելով, որ իր ֆիլմը նախ եւ առաջ մարդակեդրոն բնոյթ կը կրէ: Թոմաս Սիտերիսը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան` ֆիլմի ցուցադրման գործին մէջ ցուցաբերուած աջակցութեան ու օգնութեան համար` յաւելելով, որ կը նախատեսէ վերադառնալ Հայաստան` նկարահանելու եւս մէկ վաւերագրական ֆիլմ:

Կը նշուի, որ ելոյթներուն յաջորդած է հարցուպատասխան հանդիսատեսին հետ: Դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը հանգամանալից անդրադարձած է ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութեան, ներկայ փուլին, կարգաւորման ուղիներուն, միջնորդներու դերակատարութեան եւ վերջին ժամանակներուն տարբեր մայրաքաղաքներէն հնչող յայտարարութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment