Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետը Եւ Մոնթենեկրոյի Նախագահը Քննարկած Են Տնտեսական Համագործակցութեան Զարգացման Վերաբերող Հարցեր

ՀՀ Վարչապետը Եւ Մոնթենեկրոյի Նախագահը Քննարկած Են Տնտեսական Համագործակցութեան Զարգացման Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Մոնթենեկրոյի նախագահ Միլօ Ճուքանովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը մայրաքաղաք Երեւանի մէջ` վարչապետը նշած է. «Մենք մեծ կարեւորութիւն ենք տալիս Մոնթենեկրոյի հետ յարաբերութիւններին եւ համոզուած եմ, որ Ձեր այցը նոր խթան կը դառնայ մեր յարաբերութիւնների հետագայ զարգացման համար: Հաճոյքով արձանագրեցի, որ իրականում մեր մայրաքաղաքների միջեւ բաւականին վաղուց հաստատուած յարաբերութիւններ կան եւ դեռեւս 1978 թուականին մեր մայրաքաղաքների միջեւ յարաբերութիւնների հաստատման յուշագիր է ստորագրուել: Յոյս ունեմ, որ ահա այս նոր միջավայրում, երբ մեր երկրներն այլեւս ունեն անկախութիւն, մենք կը կարողանանք պատշաճ ձեւով միջպետական յարաբերութիւնները զարգացնել եւ տնտեսական յարաբերութիւնները խորացնել: Պէտք է խոստովանել, որ այսօր այդ առումով շատ բան չունենք պարծենալու: Մեծարգոյ պարոն նախագահ, յարգելի գործընկերներ, եւս մէկ անգամ ողջունում եմ ձեզ մեր մայրաքաղաքում եւ համոզուած եմ, որ լաւ եւ տպաւորիչ այց կ’ունենաք»:

Ըստ աղբիւրին, իր հերթին, Միլօ Ճուքանովիչը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեած. «Շատ ուրախ եմ, որ այստեղ եմ, քանի որ ինչպէս կը բացատրէի տնտեսութեան նախարարին եւ Երեւանի  քաղաքապետին, Պելկրատէն կրցած եմ դպրոցական հասակին Թիթոկրատի եւ Երեւանի միջեւ փոխանակման ծրագրով գալ այստեղ եւ որոշ ժամանակ անցընել Երեւանի մէջ: Շատ լաւ յուշեր ունիմ: Դժբախտաբար, այս ընթացքին առիթ չեմ ունեցած գալ Ձեր գեղեցիկ երկիր, ուրախ եմ, որ այստեղ եմ: Ինչպէս ըսիք` առաջին համագործակցութիւնը եղած է այն ժամանակ, երբ մեր երկիրները աւելի մեծ պետութիւններու մաս էին` Խորհրդային Միութեան եւ Հարաւսլավիոյ: Այժմ նոր քաղաքական իրականութեան մէջ ենք, անկախ պետութիւններ ենք եւ հաւատացած եմ, որ երկուստեք շահագրգռուած ենք ու ի զօրու`  աւելի խորացնելու այս համագործակցութիւնը: Չեռնոգորիան փոքր երկիր է եւ կը կարծեմ, որ փոքր երկիրները կրնան, աւելի հրատապ կարիք ունին կամ աւելի կարեւոր է քաղաքականապէս աշխոյժ ըլլալ: Մեր հիմնական արտաքին քաղաքականութեան նպատակն է  եւրոպական, եւրոատլանտեան համարկումը: Ի հարկէ, մենք կը հետեւինք նաեւ, թէ ինչ կը կատարուի ձեր տարածաշրջանին մէջ եւ կը փափաքինք Եւրասիական տարածաշրջանին հետ ալ ունենալ սերտ համագործակցութիւն, քանի որ արդէն կան աւանդական յարաբերութիւններ մեր երկիրներուն միջեւ»:

Milo Ðukanovic-Nikol Pashinyan-2

Կը նշուի, որ զրուցակիցները քննարկած են տնտեսութեան, մասնաւորապէս, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր: Կողմերը շահագրգռուածութիւն յայտնած են ջանքեր գործադրելու` ընդլայնելու գործարար կապերը, առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներն ու նպաստել համատեղ ներդրումային ծրագրերու իրականացման:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Միլօ Ճուքանովիչը միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն շուրջ: Վարչապետը ներկայացուցած է հայկական կողմին դիրքորոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջտեղի ունեցող գործընթացներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment