Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շարլ Միշէլի Ձեւակերպումը, Ըստ Ստեփանակերտի, Չ’արտայայտեր Արցախահայութեան Պահանջներն Ու Ձգտումները

Շարլ Միշէլի Ձեւակերպումը, Ըստ Ստեփանակերտի, Չ’արտայայտեր Արցախահայութեան Պահանջներն Ու Ձգտումները

by MassisPost

Արցախի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին համար խիստ անընդունելի է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահի յայտարարութեան մէջ տեղ գտած «Ղարաբաղի էթնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը» ապահովելու մասին ձեւակերպումը:

Այդ մասին Արցախի մէջ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին յայտարարած է նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, մասնաւորապէս, նշելով․  «Այն չի արտայայտում անցած 30 տարիների ընթացքում միջազգային հանրութեան համար յստակ ձեւակերպուած արցախահայութեան պահանջներն ու ձգտումները, որոնց հիմքում դրուած է ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքը»:

Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին նախորդած էր Արցախի Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն յայտարարութիւնը, ուր քննադատած էին Միշէլի յայտարարութիւնն ու դիմել Արցախի նախագահին, որպէսզի հրատապ կարգով Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ հրաւիրէ` օրակարգին մէջ ներառելով «պրիւքսէլեան հանդիպումէն յետոյ ստեղծուած կացութիւնը եւ ընելիքները»:

Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը Կիրակի Նիկոլ Փաշինեանի ու Իլհամ Ալիեւի հետ բանակցութիւններէն յետոյ իր անձնական տեսակէտը յայտնած էր` ըսելով.  «Ես ընդգծեցի երկու կողմին համար, որ, իմ համոզմամբ, անհրաժեշտ է, որ Ղարաբաղի ցեղային հայ բնակչութեան իրաւունքներուն ու անվտանգութեան եւս անդրադարձ կատարուի»:

Միշէլի այս ձեւակերպումներուն անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Քանի որ քննարկումների արդիւնքում համաձայնութիւն չի ձեւակերպուել կողմերի միջեւ ձեւակերպումների շուրջ, ԵՄ խորհրդի նախագահը որոշել է իր կողմից անել մեկնաբանութիւններ, որոնք, իր կարծիքով, հնարաւորինս շատ կէտեր կ’արտայայտէր երկու կողմերի դիրքորոշումներից, ինչքանով է դա ստացուել, ինչքանով է ճշգրիտ, դա ուրիշ քննարկման հարց է, այլ բան, որ մենք մեր դիրքորորշումները արտայայտել ենք եւ նոր էլ մէջբերեցի եւ այդ դիրքորոշումների մէջ, բնականաբար, որեւէ փոփոխութիւն չկայ, եւ մենք շարունակելու ենք հետեւողականօրէն գնալ այդ ճանապարհով», ըսաւ Գործադիրի ղեկավարը:

Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին ընթացքին, Արցախի նախագահը, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, փոխանցած է վարչապետ Փաշինեանի հաւաստիացումը, թէ «ոեւէ մէկը չի պատրաստւում Հայաստանի ու Արցախի ժողովրդի թիկունքում ինչ-որ փաստաթուղթ ստորագրել, յստակ առաջարկի դէպքում այն կը քնարկուի Արցախի իշխանութիւնների հետ, իսկ հանրութիւնն էլ այդ մասին կը տեղեկացուի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment