Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խորհրդածութիւններ Քաղաքական Ներկայ Իրադրութեան Շուրջ

Խորհրդածութիւններ Քաղաքական Ներկայ Իրադրութեան Շուրջ

by MassisPost

panos titizianՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Ընթերցողներուն ուշադրութեան կը փափաքիմ յանձնել այս յօդուածին շարժառիթը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ, Հայութեան զօրավիգ  Քոնկրեսական խմբաւորումին նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի տարեկան պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին, Հայաստանի Դեսպանուհին, իր ելոյթէն ետք, թիրախ դարձած էր արգահատելի արարքի մը, երկու հայազգի երիտասարդներու կողմէ: Արարքը, որ Երեւանի հրպարակներուն վրայ ցոյցեր կատարողներու պարագլուխներուն կողմէ հրահրուած եւ ներկայիս հայ քաղաքական որոշ շրջանակներու մօտ տիրող փողոցային ժամանակավրէպ հոգեբանութեան մէկ դրսեւորումն էր, հեռու ազգային արժանապատուութեան տարրական գիտակցութենէն, բարեբախտաբար պախարակելի նկատուեցաւ բոլոր լրջախոհ կուսակցական շրջանակներուն կողմէ, գէթ այն գաղութին մէջ զոր մօտէն կը ճանչնանք: Արարքին լայն արձագանգ չգտնելուն եւ արարքի հեղինկաներուն ապահովութեան ուժերու կողմէ խստագոյն հետապնդումի չենթարկուելուն իրողութիւնը, կը վերագրենք դեսպանուհիի վեհանձնութեան:  

Դէպքը իր լայն պարունակին (context) մէջ դնելով, կ’ուզենք հայ հանրութեան նկատողութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը:

ա) Հայաստանի դեսպանուհին, պարզապէս արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը չէ: Ան խորհրդանիշն է մեր երկրին: Անոր հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերումը համազօր է հայութեան հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերումին: Եւ հարցը կապ չունի թէ ո՞վ է Հայաստանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը: Նաեւ, իր անհատական արժանիքներով եւ կրթութեամբ բարձր գնահատուած դեսպանուհին, որպէս իգական սեռէ ընտրուած անձնաւորութիւն, մեր պետութեան ժողովրդավարական ուղղուածութեան համար խորհրդանշական յաւելեալ արժէք կը ներկայացնէ:

բ) Այսօր հայ սփիւռքն ալ իր կարգին տագնապալի շրջան մը կը բոլորէ: Լիբանանահայ համայնքը, յատկապէս, երկրի ընկերային-տնտեսական տագնապի ծանր պայմաններուն տակ, ազգային համայնքային մտահոգութիւններուն եւ առաջնահերթութիւններուն գիտակից  քաղաքական հասուն եւ համախոհ ղեկավարութեան մը բացակայութեան, լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ, ինչպէս ի յայտ եկաւ վերջին երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին: Առաւել ըլլալով, ներքին պառակտումներ, ու տարակարծութիւններ, որոնք առհասարակ ծայր տուած են մեր գաղութահայ  կեանքէն ներս, յառաջացուցած են արմատականացում մը ու վտանգաւոր պարապ մը: Հեղինակութեան եւ առաջնորդութեան զգալի պակաս մը: Մեծ մտահոգութիւն կայ սփիւռքահայ կեանքէն ներս, վերակազմակերպուելու եւ անդորրութիւնը վերահաստատելու: Հեռու՝ Երեւանի ցոյցերէն եւ անիմաստ վէճերէն: Կայ մտահոգութիւն՝ հայ նոր սերունդին մօտ վառ պահելու ազգային արժանապատուութեան ու զոհաբերութեան ոգին:

Այսօր, կենսական նշանակութիւն ունի հայրենիքի համար ունենալ լաւ կազմակերպուած, իր ներուժը զօրաշարժի ենթարկած, միակամ ու նպատակասլաց սփիւռք մը, որ Թօթափած է մանրուք հաշիւները ու փառատենչութիւնները:

գ)  Վերջապէս, Հայաստանը այսօր կ’անցնի անկիւնադարձային հանգրուանէ մը, Հայ-Թուրք եւ Հայ-Ազերի բանակցութիւններու: Եւ այդ բանակցութիւնները որոնք նպատակ ունին, առանց նախապայմանի, բնականոն դարձնել խզուած փոխ-յարաբերութիւնները 1990-ական թուականներէն ասդին, անկասկած իրենց զօրեղ ազդեցութիւնը պիտի գործեն Հայաստանի ընդհանուր ապագային վրայ: Ուստի, հարկ է հոս, որոշ չափով անդրադառնալ, թէ ի՞նչ կը կատարուի այդ բանակցութիւններով: Ներկայ յօդուածի ծիրին մէջ կարելի չէ նոյնիսկ մասնակի պատկեր մը ուրուագծել: Ուստի պիտի փորձենք պարզել այնքան բան, որքան հնարաւոր է:

2009-ին փորձ մը եղաւ Անգարա-Երեւան բնականոն փոխ-յարաբերութիւնը վերահաստատելու: երկու Protocol-ներ  ալ պիտի ստորագրուէին: Սակայն Պաքուն եւ Թուրք ծայրայեղ ազգայնական կուսակցութիւնը ձախողութեան մատնեցին փոխադարձ համաձայնութեան այդ փորձը:

Ներկայ նախաձեռնութիւնը, սակայն, տարբեր պայմաններու տակ տեղի կ’ունենայ: Ազրպէյճան ոչ միայն Ղարաբաղեան եօթը շրջաններուն վերատիրացած է, այլ նաեւ Շուշին վերագրաւած է: Հայոց վերջնական պարտութեան առաջքը պիտի առնուէր Ռուսիոյ միջամտութեամբ: Համաձայնագիր մը պիտի ստորագրուէր Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, զինադադար հաստատելով:

Ի՞նչ շահեր կարելի է ակնկալել ներկայ բանակցութիւններէն: Պարզաբանուած պատկեր մը:-

Թուրքիա նրբանցք մը կը ձգտի ունեալ Մեղրիի վրայով, հասնելու Պաքու եւ Կեդրոնական Ասիա: նաեւ պատեհութիւն մը, Պայտընին հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու: Ամերիկան եւ Արեւմուտքը քաջալեր հանդիսանալով Հայ-Թուրք ներկայ բանակցութեանց, կը միտին Ռուսիոյ դիրքը տկարացնել Հարաւային Կովկասի մէջ: Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ, Հայաստանի կախեալ ըլլալը Իրանէն:

Ռուսիան եթէ իր հաւանութիւնը տուաւ վերոյիշեալ բանակցութեան, ուրիշ ելք չունէր իր երկայ յարաբերաբար տկար վիճակին մէջ: Խորքին մէջ Ռուսիան մէծ շահեր ապահոված է տիրող status quo-ն պահելով: Ան շնորհիւ իր պարտադրած 2020-ի զինադադարին, Ռազմական ոտք կը դնէր Ազրպէյճանական հողամասին վրայ: Ռուսիոյ շահերուն համապատասխան է պահել ներկայ ձգտեալ իրավիճակը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Վերջապէս ներկայ իրավիճակը առիթ կ’ընծայէ Նախագահ Փութինին, Պաքուի հետ գործակցաբար, յաջողցնելու կամ ձախողցնելու Հայ-Թուրք բանակցութիւնները, որոնք կը միտին բնականոն դարձնելու Երեւան-Անգարա փոխ-յարաբերութիւնները:

Գալով Հայաստանին, ինչպէս ականատես եղանք, Հայաստան մեծ պարտութիւն մը կրեց Ազրպէյճանէն Թուրքիոյ ռազմական աջակցութեամբ: Նաեւ փաստուեցաւ այն, թէ կարելի չէ վստահիլ Ռուսիոյ նեղ ժամանակին: Միւս կողմէ Հայաստանը անհրաժեշտ կարիքը ունի դուրս գալու շրջափակումէ եւ կղզիացումէ: Կարիք ունի Սեւ Ծով եւ անկէ անդին հասնելու իր տնտեսութիւնը զօրացնելու համար: Մտահան չնենք նաեւ այն իրողութիւնը որ Հայաստանը այսօր շատ տկար վիճակի մէջ է եւ Արցախի գոյութիւնը վտանգուած: Չունինք մեր մէջքին կանգնած հզօր դաշնակիցներ սակարկութեան սեղանին վրայ կամք պարտադրելու: Նման կացութիւններու մէջ նուազագոյն վնասը առաւելագոյն շահ պէտք է նկատել, քանի «Diplomacy is the art of the possible» :

Դժբախտաբար նման անցուկ կացութեան մէջ, այսօր, Հայաստանի մէջ, ընդիմադիրներ, կը մերժեն Հայ-Թուրք բանակցութիւնները, ինչպէս մերժեր էին Ռուսիոյ միջոցաւ կնքուած զինադադարը, կ’ուզեն վար առնել Նիկոլ Փաշինեանը եւ կրկին իշխանութեան տիրանալ: Ի՞նչ ծրագիրով, Ի՞նչ միջոցներով, անորոշ կը մնան մեզի:

Հարկ է սթափիլ, դառնալ զգաստ, հաշուարկող, ու թիկունք կանգնիլ Հայաստանին, ամբողջական եւ միաւորուած կարելիութիւներով: Այն գիտակցութեամբ, որ ներկայ վտանգաւոր օրերուն, սխալ քայլ մը կարնայ աղիտաբեր ըլլալ մեր երկրին ու ժողովուրդին:

Այդ կը յուշէ մեզմէ պահանջուած քաղաքական իմաստութիւնը:

Այսպէս, մեր Ազնուաշուք Դեսպանուհի Լիլիթ Մակունցի նկատմամբ կատարուած տգեղ ու ամօթալի արարքը, մեզի առիթ պիտի ընծայէր յայտնելու մեր տեսակէտները ու նկատումները, որոնք կ’աղերսուին մեր դիմաց ծառացող մարտահրաւէրներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment