Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Կառավարութիւնը Յոյս Ունի Մօտ Ապագային Ատրպէյճանի Ու Իրանի Հետ Ստորագրել Երկաթուղիի Վերագործակման Առնչուող Փաստաթուղթեր

ՀՀ Կառավարութիւնը Յոյս Ունի Մօտ Ապագային Ատրպէյճանի Ու Իրանի Հետ Ստորագրել Երկաթուղիի Վերագործակման Առնչուող Փաստաթուղթեր

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը յոյս ունի դէպի Ատրպէյճան ու Իրան երկարող երկաթուղիի վերագործարկման շուրջ ներկայիս բանակցութիւններու շնորհիւ` մօտ ապագային Պաքուի ու Թեհրանի հետ ստորագրել մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան առնչուող փաստաթուղթեր:

Կառավարութեան այս Մայիս 17-ի նիստին, յայտարարելով, թէ գործադիրը վերաձեւակերպած է «Հիւսիս-հարաւ» նախագիծը` դարձնելով «հիւսիս-հարաւ/արեւելք-արեւմուտք» կամ «Հայկական խաչմերուկ», եւ յոյս ունի այն մեծ կշռոյթներով իրականացնել` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը միաժամանակ նշեց, որ Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի վերագործարկման վերաբերեալ յառաջիկային կը սպասուի փաստաթուղթի ստորագրում:

Թէ ի՞նչ փաստաթուղթի մասին է խօսքը, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն մանրամասնած են. «Երբ խօսք է գնում տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքի մասին, ակնյայտ է, որ պէտք է նաեւ յարաբերութիւններ կարգաւորուեն դրա հետագայ շահագործման հետ կապուած այն հարեւան երկրների հետ, որոնք իրենց հերթին, իրենց ենթակառուցուածքներով, միանում են այդ ենթակառուցուածքին: Տուեալ դէպքում դա Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնն է: Համապատասխանաբար, մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան հետ կապուած բոլոր այն հարցերը, որոնք այս պահին կարգաւորուած չեն կողմերի միջեւ, պէտք է կարգաւորուեն: Բնականաբար, պէտք է կարգաւորուեն նաեւ ենթակառուցուածքի լիարժէք շահագործման նպատակով կողմերի` շինարարական աշխատանքների զուգահեռ անելիքները եւ դրանց ժամանակացոյցը: Այս պահին որեւէ փաստաթուղթ դեռ չի ստորագրուել, բայց յոյս ունենք, որ մօտ ապագայում կը համաձայնեցուի եւ կը ստորագրուի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment