Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Աւելի Շատ Իրանեան Բնական Կազ Պիտի Ներածէ

Հայաստանը Աւելի Շատ Իրանեան Բնական Կազ Պիտի Ներածէ

by MassisPost

Երեւանը Թեհրանի հետ պայմանաւորուած է աւելի շատ իրանեան կազ ներածել, որուն վերաբերեալ համաձայնագիրը կը նախատեսուի աւարտին հասցնել Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարին յաջորդ շաբաթ Իրան կատարելիք այցի ընթացքին, այս մասին յայտնեցին հայաստանցի ու իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաները:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Յակոբ Վարդանեանի խօսքով` «կազ ելեկտրականութեան դիմաց» գործող համաձայնութեան ժամկէտը կ’աւարտի 2026-ին, կը նախատեսուի զայն երկարաձգել մինչեւ 2030, նաեւ աւելցնել ներածուող իրանեան կապոյտ վառելանիւթին ծաւալը: Ներկայիս տարեկան կը ներմուծուի 365 միլիոն խորանարդ մեթր:

«Հիմա կայ պայմանաւորուածութիւն, որ այդ ծաւալը կը մեծանայ մինչեւ 600 միլիոն խորանարդ մեթր տարեկան, մինչեւ Հիւսիս-հարաւ ուժանիւթային միջանցքի պատրաստ լինելը, իսկ դրանից յետոյ արդէն 1.5-ից 1.5 միլիառ խորանարդ մեթր, երբ որ մենք զուտ ենթակառուցուածքներ կ’ունենանք, հնարաւորութիւն դիմացը հոսանքով վճարելու համար, այսինքն` մենք այսօր արտադրութեան խնդիր չունենք մեծ հաշուով, բայց ունենք այդ արտադրութիւնը տեղ հասցնելու ենթակառուցուածքային խնդիրներ»,  մանրամասնեց փոխնախարարը:

Բայց եթէ հայկական կողմը կը խօսի բացառապէս «կազ ելեկտրականութեան դիմաց» գործարքի ընդլայնման մասին, իրանեան կողմը կը յայտարարէ, որ նաեւ կը քննարկուի հայաստանցի սպառողներուն համար իրանեան կազ վաճառելու, նոյնիսկ` Հայաստանի տարածքով այլ երկիրներ մատակարարելու տարբերակը:

Իրանի ուժանիւթի նախարարի խորհրդական Մոհամմատ Ալի Ֆարահնաքեանը Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Մեհրապեանի համանախագահութեամբ կայացած միջկառավարական երկկողմ յանձնաժողովի հերթական նիստին:

«Ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ [կը քննարկենք իրանեան կազ մատակարարել Հայաստան] ոչ միայն ելեկտրականութեան արտադրութեան, այլեւ` սպառման համար, նոյնիսկ` Հայաստանի տարածքով դէպի Վրաստան, այլ երկիրներ հասցնելու տարբերակները: Բացի այդ, կը քննարկենք այլ երկիրներէ` սուափ տարբերակով Իրանի տարածքով կազը Հայաստան հասցնելու հնարաւորութիւնը», նշեց ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment