Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միացեալ Նահանգներն Ու Հայաստանը Վերահաստատած Են Իրենց Յանձնառութիւնը` Ամրապնդելու Երկկողմ Յարաբերութիւնները Բոլոր Ուղղութիւններով

Միացեալ Նահանգներն Ու Հայաստանը Վերահաստատած Են Իրենց Յանձնառութիւնը` Ամրապնդելու Երկկողմ Յարաբերութիւնները Բոլոր Ուղղութիւններով

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը` ամրապնդելու երկկողմ յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով:

Քառօրեայ աշխատանքային այցով Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք գտնուող Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, նախօրէին երկու երկիրները ռազմավարական երկխօսութեան նիստ գումարած են, որ ամփոփած են համատեղ յայտարարութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորում, սահմանային անվտանգութիւն, ժողովրդավարական բարեփոխումներ․ այս հարցերը տեղ գտած են Ուաշինկթըն-Երեւան ձեւաչափով բարձր մակարդակի քննարկումներուն մէջ:

«Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը կը նշեն Ուաշինկթընի դերը` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահ երկիր` օժտուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպաստելու մանտաթով», կ’ըսուի երկու երկիրներու համատեղ յայտարարութեան մէջ:

Երկու պատուիրակութիւնները քննարկած են հարցեր, որոնք կը վերաբերին սահմանային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ոլորտին մէջ գործընկերութեան` աղէտներու կառավարման, պաշտպանական բարեփոխումներու, բժշկական աջակցութեան եւ խաղաղապահութեան միջոցով: Կողմերու համատեղ յայտարարութեան մէջ աւելի ծաւալուն անդրադարձը ժողովրդավարութեան ոլորտին կը վերաբերի: Ուաշինկթընը կը խոստանայ ամուր աջակցութիւն, համագործակցութիւն Հայաստանի կառավարութեան հետ` պատասխանատու ժողովրդավարական եւ տնտեսական հիմնարկներու կառուցման գործին մէջ, որոնք պիտի ապահովեն այդ շարքին արդիւնաւէտ կառավարում եւ բարեկեցութիւն:

Ամերիկեան կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ աջակցելու շարք մը ծրագրերու` մարդու իրաւունքներու ոլորտէն մինչեւ մետիագրագիտութիւն, ոստիկանական բարեփոխումներ: Համատեղ յայտարարութեան համաձայն` հայ-ամերիկեան բարձր մակարդակով քննարկումներու առանցքային թեմաներէն էր տնտեսական ոլորտին մէջ փոխադարձ բարեկեցութեան նպաստող մեխանիզմները, ներառեալ` ուժանիւթային համագործակցութիւնն ու աշխատուժի զարգացումը` առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտին մէջ երկկողմ կապերը խթանելու եւ խորացնելու նպատակով:

US-Armenia-Joint-Session-2

Յիշեցնենք, որ Մայիս 2-ին մեկնարկած այցի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ արդէն շարք մը բարձր մակարդակի հանդիպումներ ունեցած է, այդ շարքին` պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, ստորագրած է շարք մը փաստաթուղթեր` ներառեալ փոխըմբռնման յուշագիր` քաղաքացիական միջուկային բնագաւառին մէջ ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ:

ԱՄՆ պետական քարտուղարը գոհունակութիւն յայտնած է հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան նիստերը վերականգնելու առիթով եւ առաջարկած է խորացնել, ամրապնդել հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները: Նախարար Միրզոյեան, իր հերթին, համոզմունք յայտնած է, որ 2018 թուականի իշխանափոխութենէն յետոյ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան աստիճանը բարձրացած է ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը նաեւ պետական քարտուղարին քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտի հետ հանդիպած է: Պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն, դիւանագէտները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, «ինչպէս նաեւ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագրի շուրջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններ սկսելու», հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած գործընթացները:

Պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրները, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը Հայաստանի դիւանագիտութեան ղեկավարը ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (USAID) կառավարիչ Սամանթա Փաուըրի հետ քննարկած է:

«Ընդգծուած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը», կ’ըսուի հանդիպման աւարտին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment