Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութին Եւ Միշէլ Քննարկած Են Ղարաբաղի Հարցը

Փութին Եւ Միշէլ Քննարկած Են Ղարաբաղի Հարցը

by MassisPost

Հեռախօսազրոյց ունեցած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Ի թիւս այլ հարցերու, կողմերը անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան ապահովման:

«Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման թեմային, այդ շարքին` հաշուի առնելով վերջերս Վլատիմիր Փութինի եւ Շարլ Միշէլի շփումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ», կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ’ըսուի․ «Վերահաստատուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի Յունուար 11-ին եւ Նոյեմբեր 26-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ եռակողմ համաձայնագրերու հետեւողական իրականացման հիմնարար կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ, Ռուսաստանի նախագահը տեղեկացուցած է տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու վերականգնման ծրագրերու իրականացման, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկին ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն մասին»:

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին գրասենեակը հեռախօսազրոյցին մասին մանրամասնութիւններ առայժմ չի հաղորդեր:

Պաշտօնական Մոսկուան նախօրէին յայտարարած է, որ Պրիւքսէլը կ’ուզէ Ռուսաստանէն խլել միջնորդութիւնը հայ-ատրպէյճանական հաշտեցման գործընթացին մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment