Home Uncategorized Աղուան Յովսէփեանի Վերաբերեալ Քրէական Գործին Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

Աղուան Յովսէփեանի Վերաբերեալ Քրէական Գործին Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

by MassisPost

Հայաստանի նախկին գլխաւոր դատախազ, Քննչական Կոմիտէի նախկին նախագահ Աղուան Յովսէփեանի վերաբերեալ քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է, կը յայտնէ Հակափտածութիւն Կոմիտէն` նշելով, որ վերջինս կը մեղադրուի ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու, առանձնապէս մեծ չափերով կաշառք ստանալու, դրամի լուացման եւ այլ չարաշահումներու կատարման մէջ: Յովսէփեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Գործով անցնող «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան գլխաւոր տնօրէն Վրէժ Մարկոսեանն ալ, ըստ Հակափտածութիւն Կոմիտէին, կը մեղադրուի Աղուան Յովսէփեանի դրդմամբ անհատոյց օտարման եղանակով Վ. Ղ.-ին փաստացի պատկանող հողատարածքը վատնման եղանակով` նուիրատուութեան պայմանագրով 2017-ին Աղուան Յովսէփեանի որդիին անուամբ արձանագրելու համար: Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւն չհեռանալու մասին:

Աղուան Յովսէփեանի եւ Վրէժ Մարկոսեանի վերաբերեալ քննուած քրէական գործին նախաքննութիւնը աւարտած է: Գործը մեղադրական եզրակացութեամբ յանձնուած է դատախազին` զայն հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment