Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2021 Թուականը Աւարտած Ենք 1 Թրիլիոն 586 Միլիառ Դրամ Փաստացի Հարկային Եկամուտներով. Ելեւմուտքի Նախարար

2021 Թուականը Աւարտած Ենք 1 Թրիլիոն 586 Միլիառ Դրամ Փաստացի Հարկային Եկամուտներով. Ելեւմուտքի Նախարար

by MassisPost

«2021-ին 750 միլիոն տոլար ծաւալով եւրոպարտատոմսերի թողարկումը վկայում է կառավարութեան կողմից իրականացուող հարկապիւտճէտային քաղաքականութեան նկատմամբ բարձր միջազգային վստահութեան մասին», Ազգային Ժողովի Ֆինանսավարկային եւ Պիւտճէտային Հարցերու Մշտական Յանձնաժողովի նիստին նշեց ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Խաչատրեանը եւ յաւելեց, որ անոր յաջորդած է երեք վարկանիշային միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ վարկունակութեան դրական վարկանիշի շնորհումը:

Նախարարը տեղեկացուց, որ հրապարակուած է «Ֆիթչ» միջազգային վարկային կազմակերԺութեան հերթական զեկոյցը, որով հաստատուեցաւ Հայաստանին շնորհուած «B+» կայուն հեռանկարով վարկանիշը. «Յատկապէս այս ժամանակաշրջանում, երբ մաքրոտնտեսական անորոշութիւններն այդքան շատ են, մենք սա գնահատում ենք որպէս գնահատական կառավարութեան կողմից շարունակուող յուսալի վարկապիւտճէտային մաքրոտնտեսական քաղաքականութեան»:

Ինչ կը վերաբերի հարկային վարչարարութեան ու քաղաքականութեան, նախարարը տեղեկացուց, որ 2021 թուականը աւարտած է 1 թրիլիոն 586 միլիառ դրամ փաստացի հարկային եկամուտներով, որ ՀՆԱ-ի նկատմամբ 22.7 տոկոս է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment