Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Սահմանը Հատած Է Ուքրանիոյ Մօտաւորապէս 4000 Քաղաքացի, Գրեթէ Բոլորը Հայեր Են. Ուքրանիոյ Դեսպանատուն

Հայաստանի Սահմանը Հատած Է Ուքրանիոյ Մօտաւորապէս 4000 Քաղաքացի, Գրեթէ Բոլորը Հայեր Են. Ուքրանիոյ Դեսպանատուն

by MassisPost

Փետրուար 24-ին ռուս-ուքրանական պատերազմը սկսելէն յետոյ, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Պելառուսիայէն փախստականի, ներգաղթեալի կամ զբօսաշրջիկի կարգավիճակով ժամանած են Հայաստան: Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատան տուեալներով` վերջին երեք շաբթուայ ընթացքին ՀՀ սահմանը հատած է Ուքրանիոյ մօտաւորապէս 4 հազար քաղաքացի` հիմնականին մէջ ազգութեամբ հայեր: Այդ մասին դեսպանատան հրաւիրած ասուլիսին ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տենիս Աւթոնոմովը:

«Առանձնայատկութիւնը այն է, որ անոնք գրեթէ բոլորը ազգութեամբ հայեր են, ունին այստեղ ընկերներ, հարազատներ, տուն, այդ իսկ պատճառով չեն դիմեր օգնութեան համար», նշեց ժամանակաւոր հաւատարմատարը:

Ըստ Աւթոնոմովի` ուքրանական դեսպանութիւնը որոշ հնարաւորութիւններ ունի մարդիկը «տեղաւորելու», անոնց բնակեցման հարցը լուծելու համար, բայց զբաղուածութեան հարցը լուծելը աւելի դժուար է:

Յատկանշական է, որ Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքացիներ` երեւանցիներ, շրջաններու բնակիչներ, ըստ Ուքրանիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչին, կը դիմեն դեսպանատուն` պատրաստակամութիւն յայտնելով օգնելու ուքրանացի փախստականները վերաբնակեցնելու գործին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment