Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Կը Կարեւորէ Խաղաղութիւնը Եւ Կայունութիւնը Տարածաշրջանին Մէջ. Փաշինեանը` ԵՄ-ի Մէջ Գանատայի Յատուկ Բանագնացին

Հայաստան Կը Կարեւորէ Խաղաղութիւնը Եւ Կայունութիւնը Տարածաշրջանին Մէջ. Փաշինեանը` ԵՄ-ի Մէջ Գանատայի Յատուկ Բանագնացին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ զրուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպայի մէջ Գանատայի յատուկ բանագնաց Սթեֆան Տիոնի հետ:

Հայաստանի ղեկավարը Գերմանիոյ մէջ Գանատայի դեսպանին ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումները հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է միջազգային գործընկերներու միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումներու շնորհիւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստան կը կարեւորէ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ` ակնկալելով միջազգային գործընկերներու օժանդակութիւնը այդ գործընթացին:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ այլ թեմաներ քննարկուած են, մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հզօրացման եւ այդ ծիրին մէջ հայ-գանատական գործընկերութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment