Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բանագնացները Վերահաստատած Են` Վերջնական Նպատակը Հայաստանի Ու Թուրքիոյ Միջեւ Լիարժէք Կարգաւորումն Է

Բանագնացները Վերահաստատած Են` Վերջնական Նպատակը Հայաստանի Ու Թուրքիոյ Միջեւ Լիարժէք Կարգաւորումն Է

by MassisPost

Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըճի հանդիպումը:

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան փոխանցմամբ, յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատած են, որ բանակցութիւններու վերջնական նպատակը Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ լիարժէք կարգաւորումն է, ինչպէս պայմանաւորուած էին Մոսկուայի մէջ իրենց առաջին հանդիպման ընթացքին:

«Նրանք մտքեր են փոխանակել այդ կապակցութեամբ համատեղ հնարաւոր ճշգրիտ քայլեր ձեռնարկելու շուրջ եւ վերահաստատել իրենց համաձայնութիւնը` գործընթացը շարունակելու առանց նախապայմանների», ըսուած է Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հանդիպումէն յետոյ նոյնպիսի հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարեվերջին Երեւանն ու Անգարան յարաբերութիւնները կարգաւորելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին, երկուստեք յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակեցին: Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըճի առաջին հանդիպումը Մոսկուայի մէջ էր` 2022-ի Յունուար 14-ին: Հանդիպումէն յետոյ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնները յայտարարեցին, որ կողմերը համաձայնած են շարունակել լիարժէք կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները` առանց նախապայմաններու, ընդգծելով որ հանդիպումը ընթացած է դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment