Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի Հարցը Տակաւին Ամբողջութեամբ Կարգաւորուած Չէ, Բայց Յառաջխաղացում Կայ. Փութինը` Ալիեւին

Ղարաբաղի Հարցը Տակաւին Ամբողջութեամբ Կարգաւորուած Չէ, Բայց Յառաջխաղացում Կայ. Փութինը` Ալիեւին

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է, որ Ղարաբաղի հարցը տակաւին ամբողջութեամբ կարգաւորուած չէ, բայց յառաջխաղացում կայ:

Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին Փութին նշած է, որ ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման վերաբերեալ:

Փութինի խօսքով` կան նաեւ վէճեր, սակայն Մոսկուան ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի կարգաւորման գործընթացը խաղաղ ճանապարհով ընթանայ:

«Ամէն պարագայի, արդէն որոշակի պայմանաւորուածութիւններ կան ոչ միայն այնտեղ (Լեռնային Ղարաբաղի մէջ – Խմբ.) բնակող բոլոր մարդոց անվտանգութեան ապահովման, այլեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման, ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման տեսանկիւնէն: Գիտեմ, որ դեռ վէճեր կան, աշխատելու բան կայ, բայց մենք մեր կողմէ ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի այդ գործընթացը զարգանայ խաղաղ միջոցներով, խաղաղ ճանապարհով, եւ որպէսզի մենք հասնինք այդ գործընթացին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերու բաւարարման», ըսած է Փութին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment