Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Հետախուզում Յայտարարած է Ռոպերթ Քոչարեանի Եւ Սերժ Սարգսեանի Նկատմամբ

Ատրպէյճանը Հետախուզում Յայտարարած է Ռոպերթ Քոչարեանի Եւ Սերժ Սարգսեանի Նկատմամբ

by MassisPost

Ատրպէյճանը հետախուզում յայտարարած է Հայաստանի 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ, կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով Ատրպէյճանի Զինուորական Դատախազութեան Յատուկ Քննչական Վարչութեան պետ, արդարադատութեան աւագ խորհրդական Էմիլ Թաղիեւին:

Անոր խօսքով` 1988 թուականի Փետրուարէն ՀՀ նախկին նախագահները, ատրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ ազգային թշնամանք, ատելութիւն հրահրելու նպատակով ժողովներ հրաւիրած են:

Աւելի շուտ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում կատարելով Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրներուն, տեղեկութիւններ հրապարակած էին ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ միջազգային հետախուզում յայտարարելու վերաբերեալ:

Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազութիւնը յայտարարած էր, որ «միջոցներ են ձեռնարկուել Ինթերփոլի գլխաւոր քարտուղարութեան միջոցով ապօրինի հետախուզման փորձերը կանխելու, հետախուզում յայտարարելու մասին հարցումներ ստանալու դէպքում դրանց ընթացք չտալու, նշուած անձանց հետախուզման վերաբերեալ տուեալները Ինթերփոլի համապատասխան պահոցներում չներառելու եւ դրանց կապակցութեամբ Ինթերփոլի ուղիներով որեւէ համագործակցութիւն չիրականացնելու ուղղութեամբ»: Ինչպէս նշած էր գերատեսչութիւնը, հաշուի առնուած է առաջին հերթին այն հանգամանքը, որ ըստ Ինթերփոլի Կանոնադրութեան 3-րդ յօդուածին` կազմակերպութեան խստիւ կ’արգիլուի որեւէ գործունէութիւն ծաւալել կամ միջամտել քաղաքական, զինուորական, կրօնական, ցեղապաշտական բնոյթ կրող գործերուն եւ հարցերուն:

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, Արայիկ Յարութիւնեանը, ինչպէս հաղորդուած է, քանի մը անգամ մեկնած է արտերկիր` մասնաւորապէս Ռուսաստանի Դաշնութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment