Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լրտեսական Ցանցի Բացայայտում. Ինչո՞ւ Պատերազմի Օրերուն Փաշինեան Պաշտօնէ Ազատեց Ռազմական Հակահետախուզութեան Պետը

Լրտեսական Ցանցի Բացայայտում. Ինչո՞ւ Պատերազմի Օրերուն Փաշինեան Պաշտօնէ Ազատեց Ռազմական Հակահետախուզութեան Պետը

by MassisPost

Օրեր առաջ` սոյն թուականի Փետրուար 10-ին, ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն տարածեց, ըստ որուն` ՀՀ ԱԱԾ ռազմական հակահետախուզութեան բաժանմունքի աշխատակիցները փաստական տուեալներ ձեռք բերած են այն մասին, որ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ գործակալական ցանց հիմնուած է եւ վարձատրութեան դիմաց ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին անվտանգութեան թշնամական գործունէութիւն ծաւալած է:

Ըստ ԱԱԾ-ի հաղորդագրութեան` քրէական գործի նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան պայմաններու մէջ, պետական դաւաճանութիւն կատարելու եւ անոր օժանդակելու համար մեղադրանք առաջադրուած է ընդհանուր թիւով 20 անձերու, որոնցմէ 14-ին նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Նկատենք, որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն` պատերազմի մեկնարկէն մօտ 10 օր անց`  Հոկտեմբեր 7-ին, աշխատանքէն ազատուեցաւ ԱԱԾ ռազմական հակահետախուզութեան պետ Լեւոն Շահումեանը, իսկ ընդդիմադիր դաշտին մէջ հանդէս եկող շարք մը լրատուամիջոցներ եւ անհատներ այդ ազատումը որակեցին որպէս վարչապետին կողմէ «դաւաճաններու փնտռտուք»:

Թէ որքանո՞վ այս ազատումը կապուած էր Հայաստանի մէջ պատերազմէն առաջ եւ պատերազմին ժամանակ լրտեսական գործունէութիւն ծաւալած ցանցին հետ, քննութիւնը ցոյց պիտի տայ, սակայն մէկ բան փաստ է` Հայաստանի մէջ հակապետական գործունէութիւն ծաւալած ցանցի գոյութեան, անոր բացայայտման եւ գործունէութեան կասեցման համար պատասխանատու էր անձամբ ռազմական հակահետախուզութեան պետը` Լեւոն Շահումեանը:

Ըստ երեւոյթին, ամենեւին ալ պատահական չէր պատերազմի օրերուն վարչապետ Փաշինեանի կողմէ վերջինս պաշտօնէն ազատելը, քանի որ ռազմական հակահետախուզութեան պետը առնուազն թերացած էր իր աշխատանքին մէջ, իսկ մնացածը, ինչպէս նշեցինք, ցոյց պիտի տայ գործին քննութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment