Թրքական իշխանութիւնները պիտի վերականգնեն Տիարպեքիրի Սուր վարչական շրջանին մէջ գտնուող 16-րդ դարու Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին:
Շուրջ 3769 քառ. մեթր տարածք զբաղեցնող եկեղեցին տեղի հայ համայնքի բացակայութեան պատճառով անխնամ մնացած է եւ ժամանակի ընթացքին քանդուած է: Այժմ եկեղեցին բոլորովին առանց տանիքի մնացած է:
Վերջին անգամ այն վերանորոգուած է 1840 թուականին, անոր մասին արձանագրութիւնը պահպանուած է Տիարպեքիրի հնագիտական թանգարանին մէջ: Անցեալ տարի Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանն ու անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը այցելած էին Տիարպեքիրի նահանգապետ Մունիհ Քարալօղլուին եւ բարձրացուցած՝ այս եկեղեցւոյ պահպանութեան հարցը:
2021-ի Դեկտեմբերի վերջաւորութեան եկեղեցւոյ վերականգնման համար Տիարպեքիրի Երկրաբաշխութեան եւ Յուշարձաններու տնօրէնութեան կողմէ մրցոյթ յայտարարուած էր: Յաղթող ընկերութեան հետ 947 հազար 640 լիրայի (շուրջ 70 հազար տոլար) պայմանագիր ստորագրուած է: Արդէն սկսած են չափագրման եւ եկեղեցւոյ պահպանուած հատուածներու նիւթերու ուսումնասիրման աշխատանքները, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ վերականգնել կառոյցին նախնական տեսքը:
Սուրբ Սարգիսը յայտնի է նաեւ Բրինձէ եկեղեցի անունով, քանի որ 1950-1985 թուականներուն այն օգտագործուած է որպէս բրինձի մշակման գործարան: