Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Expo 2020 Dubai» Համաշխարհային Ցուցահանդէսին Նշուած Է Հայաստանի Ազգային Օրը

«Expo 2020 Dubai» Համաշխարհային Ցուցահանդէսին Նշուած Է Հայաստանի Ազգային Օրը

by MassisPost

Յունուար 30-ին «Expo 2020 Dubai» համաշխարհային ցուցահանդէսին նշուած է Հայաստանի ազգային օրը:

Միջոցառումը մեկնարկած է ցուցահանդէսի գլխաւոր` Ալ Վասլ Փլազա կեդրոնական հրապարակին մէջ: Ելոյթ ունեցած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը, կարեւորած է աշխարհի մէջ գիտութեան, մշակոյթի եւ արհեստագիտութիւններու զարգացման գործին մէջ հայ գիտնականներու եւ նորարարներու անգնահատելի ներդրումը` ներկայացնելով նորարարութիւններ, որոնք բեկումնային եղած են մարդկութեան յառաջընթացին համար:

Մշակութային երեկոն բացած է Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը, որ բազմաթիւ հիւրերու եւ տարբեր երկիրներէ ժամանած այցելուներու համար ներկայացուցած է «Խաչատուրեան Ճազ» համերգային ծրագիրը: Ելոյթ ունեցած են նաեւ «Բարեկամութիւն» պարարուեստի պետական համոյթը, Արտօ Թունճպոյաճեանը եւ Դաւիթ Սուքիասեանը:

Dubai-Expo-Armenia-3

Dubai-Expo-Armenia-4

Dubai-Expo-Armenia-5

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment