Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ Կարգավիճակին Հարցը Լուծուած Չէ, Այդ Գործընթացը Պէտք Է Իրականացուի ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Մանտաթի Ներքոյ. Լին Թրէյսի

ԼՂ Կարգավիճակին Հարցը Լուծուած Չէ, Այդ Գործընթացը Պէտք Է Իրականացուի ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Մանտաթի Ներքոյ. Լին Թրէյսի

by MassisPost

Փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Փոխվարչապետը շնորհաւորած է հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդները՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով եւ շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի կայուն գործընկերն է` 1991 թուականի անկախացումէն ի վեր:

Համբարձում Մաթեւոսեանը բարձր գնահատած է վերջին 30 տարիներու ընթացքին Հայաստանին տրամադրուած աջակցութիւնը` ուղղուած աւելի բարեկեցիկ եւ ժողովրդավար հասարակութեան ամրապնդման, մասնաւորապէս` փտածութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ դատական եւ ոստիկանութեան բարեփոխումներու կեանքի կոչման:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական եւ համապարփակ լուծման հարցով փոխվարչապետը կարեւորած է Միացեալ Նահանգներու` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի դերն ու առաքելութիւնը: Դեսպան Թրէյսին փոխվարչապետին հետ համակարծիք եղած է` Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը լուծուած չէ, եւ այդ գործընթացը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ:

Հանդիպման աւարտին կողմերը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` նպաստելու Հայաստան-ԱՄՆ աշխատանքային յարաբերութիւններու սերտացման ու երկկողմ կապերու զարգացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment