Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Ստուգման Առարկայ Պիտի Դարձնէ Արմէն Սարգսեանին Առնչուող «Հետք»-Ի Հրապարակումը

ԱԱԾ-ն Ստուգման Առարկայ Պիտի Դարձնէ Արմէն Սարգսեանին Առնչուող «Հետք»-Ի Հրապարակումը

by MassisPost

Մինչեւ 2018-ին Հայաստանի նախագահ դառնալը Արմէն Սարգսեանի` նաեւ այլ երկրի քաղաքացիութիւն ունենալու մասին «Հետք» պարբերականին հրապարակումը Դատախազութիւնը ուղարկած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն: Այս մասին տեղեկացուց Գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը:

Անցեալ տարուան Մարտին 53 փաստաբաններ յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած էին գլխաւոր դատախազին այն մասին, որ նախագահ ընտրուելէ առաջ Արմէն Սարգսեանը առերեւոյթ թաքցուցած է երկքաղաքացիութեան փաստը, որու պատճառով չէր կրնար  նախագահ ընտրուիլ: Ըստ փաստաբաններուն, Սարգսեանը չէ բաւարարած առնուազն 6 տարի ՀՀ քաղաքացի ըլլալու սահմանադրական պահանջը: Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը (ՅՔԾ) նիւթեր նախապատրաստած էր, բայց յետոյ մերժած է քրէական գործի յարուցումը: Որոշման դէմ փաստաբանները բողոք ներկայացրուցած էին Գլխաւոր Դատախազութիւն:

Գլխաւոր Դատախազութիւնը գտած էր, որ ՅՔԾ-ի նախապատրաստած նիւթերը առերեւոյթ պարունակած են փաստաթուղթ կեղծելու յատկանիշեր եւ Ապրիլ 27-ին Դատախազութիւնը վերացուցած էր ՅՔԾ-ի որոշումը եւ քրէական գործ յարուցած էր, նախաքննութիւն կատարելու համար ուղարկուած էր ՅՔԾ: ՅՔԾ-ի լուծարումէն յետոյ գործը կը գտնուի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան վարոյթին մէջ:

Քրէական գործէն այսօր ո՛չ Դատախազութիւնը, ո՛չ ԱԱԾ-ն մանրամասնութիւններ կը փոխանցեն` յղում ընելով նախաքննական գաղտնիքին: Յայտնի չէ նաեւ, թէ արդեօք նախաքննութեան ընթացքին հարցաքննուա՞ծ է նախօրէին հրաժարական ներկայացուցած նախագահ Սարգսեանը եւ ինչ կարգավիճակով:

Նախագահին երկքաղաքացի ըլլալու հարցը նոր չէ որ կը քննարկուի: Այն շրջանառուեցաւ դեռ ՀՀԿ-ական իշխանութեան կողմէ անոր առաջադրման ժամանակ: Այս հարցը ըստ էութեան փակուած համարուեցաւ, երբ 2018 թուականի Ապրիլ 27-ին այդ ժամանակ դեռ ժողովրդական ցոյցերը առաջնորդող Նիկոլ Փաշինեանը անոր հետ ունեցած հանդիպումէն յետոյ գրառում կատարեց, թէ Սարգսեանը իրեն ներկայացուցած է փաստաթուղթեր այն մասին, որ Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքացիութիւնը կորսնցուցած է 2011 թուականի Դեկտեմբերին:

«Հետք»-ի վերջին հրապարակումը այն մասին է, որ Արմէն Սարգսեանը ՀՀ քաղաքացի ըլլալէ բացի, նաեւ այլ երկրի քաղաքացի էր առնուազն մինչեւ նախագահ դառնալը: Խօսքը այս պարագային ոչ թէ Մեծն Բրիտանիոյ, այլ՝ Քարիպեան ծովուն մէջ գտնուող եւ հարկային դրախտ համարուող փոքր երկրի` Սենթ Քիթս եւ Նեւիսի քաղաքացի ըլլալու մասին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment