Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Քննարկուի Միրզոյեանի Մասնակցութիւնը Թուրքիոյ Մէջ Կայանալիք Համաժողովին

Կը Քննարկուի Միրզոյեանի Մասնակցութիւնը Թուրքիոյ Մէջ Կայանալիք Համաժողովին

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հրաւէր ստացած է մասնակցելու Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին:

Հայկական արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն յայտնեցին, որ համապատասխան ընթացակարգով կը քննարկուի նախարարին մասնակցութեան նպատակայարմարութիւնը միջոցառման:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն աւելի շուտ յայտնած էր Հայաստանը Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին հրաւիրելու մասին:

«Այս տարի 11-13 Մարտին, 2-րդ անգամ տեղի ունեցող Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին Լատինական Ամերիկայէն աւելի լայն մասնակցութիւն կ’ակնկալենք: Այս պահուն լատինական 6 երկրի արտաքին գործերու նախարարներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը: Աշխարհի բոլոր երկիրներէ բոլորը կը հրաւիրենք: Կ’ուզենք, որ բոլորին ձայնը այս հարթակին մէջ լսելի ըլլայ: Այս պահուն իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են արդէն 39 երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներ: Հրաւիրած ենք նաեւ մեր դրացի երկիրները` Հայաստանը, Յունաստանը, Կիպրոսի յունական հատուածը, Իսրայէլը, Եգիպտոսը»,  յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment