Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալէն Սիմոնեան Փելոսիին Ներկայացուցած Է Տարածաշրջանին Մէջ Իրավիճակը 44-Օրեայ Պատերազմէն Յետոյ

Ալէն Սիմոնեան Փելոսիին Ներկայացուցած Է Տարածաշրջանին Մէջ Իրավիճակը 44-Օրեայ Պատերազմէն Յետոյ

by MassisPost

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն բացայայտօրէն սպառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ կը շարունակեն ոտնձգութիւնները անոր տարածքին նկատմամբ: Այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան` Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի հետ հանդիպման ժամանակ, տեղեկացնելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ փուլին եւ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակի մասին:

Սիմոնեան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` աշխատելու տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Ազգային ժողովի հաղորդագրութեան համաձայն` կողմերը համակարծիք եղած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը կրնայ ձեռք բերուիլ միայն խաղաղ բանակցութիւններու ճանապարհով` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ:

Քննարկուած են նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան բոլոր գիծերու բացման վերաբերող հարցեր:

Simonyan-Pelosi-2

Ալէն Սիմոնեան ներկայացուցած է Հայաստանի կողմէ 2018 թուականին Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման գործին մէջ արձանագրուած հետեւողական յառաջընթացը, Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ խորհրդարանին ջանքերը՝ փտածութեան դէմ պայքարի եւ թափանցիկութեան ու հաշուետուողականութեան բարձրացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ազատ եւ արդար ընտրութիւններուն դերը բարեփոխումներու անշրջելիութեան ապահովման գործին մէջ: Կողմերը վերահաստատած են, որ ժողովրդավարութիւնը հայ-ամերիկեան համագործակցութեան կարեւորագոյն հիմնասիւներէն է:

Ազգային ժողովի նախագահը բարձր գնահատած է Գոնկրէսի հայկական հարցերով խումբին գործունէութիւնը: Ալէն Սիմոնեան երախտագիտութիւն յայտնած է խօսնակ Փելոսիին եւ անոր բոլոր գործընկերներուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ համապատասխան բանաձեւի ընդունման գործին մէջ արժէքաւոր ներդրման համար:

Simonyan-Pelosi-4

Հանդիպման ընթացքին Նենսի Փելոսիին յանձնուած է Պատուոյ շքանշան` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով, հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:

Հանդիպման մասնակցած են ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի փոքրամասնութեան ղեկավար հանրապետական Քեվըն ՄըքՔարթին, հանրապետականներ Տէյվիտ Վալատաոն, Կաս Պիլիրաքիսը, դեմոկրատներ Ֆրենք Փալոնը, Ճեքի Սփիրը, Ատամ Շիֆը եւ Աննա Էշուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment