Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Մահացած Է Ռազմիկ Դաւոյեան

Մահացած Է Ռազմիկ Դաւոյեան

by MassisPost

Այսօր Երեւանի մէջ մահացած է բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան։

Դաւոյեան ծնած է 1940-ի Յուլիս  3-ին Սպիտակի շրջանի Մեծ  Պարնի  գիւղը: Տարրական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն դպրոցը։ 1949-ին  ընտանիքին հետ փոխադրուած է Գիւմրի /Լենինական/,  ուր աւարտած է միջնակարգ դպրոցը եւ տեղւոյն  բժշկական ուսումնարանը: 1964-ին աւարտած է Երեւանի Խ.  Աբովեանի անուան Հայկական  պետական  մանկավարժական  հիմնարկի պատմալեզուագրական ճիւղը:

Ուսանելուն  զուգընթաց,  աշխատած է «Գիտութիւն եւ տեխնիկա» ամսագրի հիմնադիր խմբագրութիւնը, զուգահեռ՝  նաեւ  «Գրական թերթի» խմբագրութիւնը՝  որպէս սրբագրիչ: 1965-էն սկեալ վարած  է «Գրական  թերթի»  բանաստեղծութեան  եւ  արձակի բաժինը: 1970-ին աշխատած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային  կապի  կոմիտէէն ներս,  որպէս  աւագ  խորհրդական: 1975-1990 թուականններուն եղած  է Հայաստանի պետական մրցանակներու կոմիտէի պատասխանատու քարտուղարը:

Առաջին  բանաստեղծութիւնը  լոյս տեսած  է 1957-ին Լենինականի  «Բանուոր»  թերթին մէջ,  առաջին  ժողովածոն՝  1963-ին: Աւելի քան 40 ժողովածոյի եւ գիրքերու հեղինակն է, անոնց կարգին՝  ռուսերէն, չեխերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Անոր ստեղծագործութիւնները հրապարակուած են իտալական, ֆրանսական,  հարաւսլաւական, իրանական, չինական եւ ամերիկեան պարբերականներու մէջ։ Ռազմիկ Դաւոյեանի կեանքին ու գործին անդրադարձած են  «Լիթերաթուրնայա Կազեթա», ֆրանսական «Ֆիկարօ», բրիտանական «Թայմզ» եւ «Ուասաֆիրի» պարբերականները։

1969-ին՝ հինգ տարի արգելափակուելէ յետոյ, կը հրատարակուի «Ռեքուիէմը»։  1972-ին  առաջին անգամ Պէյրութի մէջ կը հրատարակուի «Խաչերի ջարդը» բանաստեղծութիւնը, իսկ «Թորոս Ռոսլին» բանաստեղծութիւնը առաջին անգամ հրատարակուած է Նիու Եորք 1984-ին։

1990-ին չեխական հեղինակաւոր «Օտիոն» հրատարակչութիւնը Դաւոյեանի ստեղծագործութիւնները ներառած է համաշխարհային գրականութեան ծաղկաքաղին մէջ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանի մահուան կապակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment