Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ֆլայուան Արմենիա» եւ «Փեկասուս» Փետրուարին Երեւան-Սթամպուլ Ուղղութեամբ Թռիչքներ Պիտի Կատարեն

«Ֆլայուան Արմենիա» եւ «Փեկասուս» Փետրուարին Երեւան-Սթամպուլ Ուղղութեամբ Թռիչքներ Պիտի Կատարեն

by MassisPost

Հայկական «Ֆլայուան Արմենիա» եւ թրքական «Փեկասուս» օդանաւային ընկերութիւնները Փետրուարէն սկսեալ Երեւան-Սթամպուլ ուղղութեամբ թռիչքներ պիտի կատարեն:

Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէէն «Ազատութիւն»ին տեղեկացուցած են, որ հայկական կողմը Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան երթուղիով շաբաթական երկու եւ աւելի ոչ կանոնաւոր թռիչքներու իրագործման թոյլտուութիւններ տրամադրած է հայկական «Ֆլայուան Արմենիա» եւ թրքական «Փեկասուս» օդանաւային ընկերութիւններուն։

Ըստ Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէին՝ «Ֆլայուան Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը կը նախատեսէր թռիչքներ կատարել Յունուար 1-ին՝ շաբաթական 3 թռիչք յաճախականութեամբ, սակայն անոնք դեռ չեն իրագործուած։ Պատճառը թերեւս այն է, որ Յունուար 1-ին Թուրքիոյ իշխանութիւնները դեռ չէին տրամադրած համապատասխան թոյլտուութիւնը։

«Ֆլայուան Արմենիա» օդանաւային ընկերութեան խորհուրդի նախագահ՝ Արամ Անանեան «Ազատութիւն»-ին յայտնեց, որ թրքական կողմը արդէն բաւարարած է իրենց յայտը եւ թռիչքները կը մեկնարկեն Փետրուարի սկիզբը:

««Ֆլայուան Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը ստացել է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Թուրքիոյ օդագնացութեան իշխանութիւններու թոյլատուութիւնը Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան երթուղով թռիչքներ իրականացնելու համար մինչեւ ձմեռային շրջանի աւարտը։ Թռիչքները նախատեսում ենք սկսել Փետրուարի սկզբին։ Օդանաւային ընկերութիւնն արդէն յայտարարել է, որ տոմսերի արժէքը սկսելու է 39 եւրոյից», – ըսաւ Անանեան։

Պատասխանելով հարցին, թէ ի՞նչ կապ ունի «Ֆլայուան Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, գործարար Խաչատուր Սուքիասեանի ընտանիքին հետ, Անանեան պարզաբանեց, թէ անոր եղբայրը՝ Էդուարդ Սուքիասեան ընկերութեան հիմնադրման նախաձեռնողներէն է:

Աւելի վաղ, Թուրքիոյ քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութենէն «Ազատութիւն»-ին յայտնած էին, որ թրքական կողմը հաստատած է շաբաթական երեք անգամ դէպի Երեւան թռիչքներ կատարելու «Փեկասուս» օդանաւային ընկերութեան դիմումը:

Հայաստանի քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն յայտնած է, որ թրքական «Փեկասուս» օդանաւային ընկերութիւնը կը նախատեսէ թռիչքներ կատարել Փետրուար 3-էն Փետրուար 6-ը՝ շաբաթական 2 թռիչք յաճախականութեամբ եւ Փետրուար 7-էն Փետրուար 27-ը՝ 3 թռիչք յաճախականութեամբ։ Կոմիտէէն պարզաբանած են, որ «Փեկասուս» առայժմ միայն Փետրուար ամսուայ թռիչքներու համար յայտ ներկայացուցած է եւ ստացած համապատասխան թոյլտուութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment