Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 100 Հայ Զինուորականներ Մեկնեցան Ղազախստան․ ՊՆ

100 Հայ Զինուորականներ Մեկնեցան Ղազախստան․ ՊՆ

by MassisPost

Հիմք ընդունելով ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի 4-րդ յօդուածի համաձայն սահմանափակ ժամանակահատուածով Ղազախստանի Հանրապետութիւն ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու վերաբերեալ որոշումը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խաղաղապահ գործունէութեան մասին պայմանագրի դրոյթներուն համաձայն, ՀՀ զինուած ուժերը ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու կազմին մէջ Ղազախստանի Հանրապետութիւն գործուղած են խաղաղապահ ստորաբաժանում (թիւով` 100 զինծառայող)։

Առաքելութեան ընթացքին ՀՀ ԶՈւ խաղաղապահ ստորաբաժանումը կ’իրականացնէ բացառապէս ռազմավարական նշանակութեան շէնք-շինութիւններու եւ ենթակառուցուածքներու պահպանութեան գործառոյթներ, տեղեկացուցած են Պաշտպանութեան Նախարարութենէն:

«Զուարթնոց» օդակայանէն Ռուսաստանի օդատիեզերական ուժերու «Իլ-76» երեք ռազմական օդանաւ տեղափոխած է հայկական ստորաբաժանումը: Ըստ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Զասի՝ կազմակերպութեան անդամ 5 երկիրներէն, մօտ 2500 խաղաղապահ կը տեղակայուի Ղազախստան։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հայ խաղաղապահները պիտի պահպանեն ռազմավարական նշանակութեան կառոյցներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment