Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պլինքըն Ու Չաւուշօղլու Քննարկած Են Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Հարցը

Պլինքըն Ու Չաւուշօղլու Քննարկած Են Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Հարցը

by MassisPost

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր գործընթացին ուշադրութեամբ հետեւող ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Յունուար 3-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարին հետ, որու ընթացքին ի թիւս օրակարգային այլ հարցերու Էնթընի Պլինքըն ու Մեւլութ Չաւուշօղլու քննարկած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Թուրքիոյ կողմէ յատուկ ներկայացուցիչի նշանակման թեման:

Շաբաթներ առաջ յայտնի դարձաւ, որ Անգարան Երեւանի հետ ուղիղ բանակցելու համար բանագնաց նշանակած է ԱՄՆ-ի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան՝ Սերտար Քըլըճը: Հայկական կողմն ալ յատուկ ներկայացուցիչ նշանակեց Ազգային ժողովի փոխխօսնակ՝ Ռուբէն Ռուբինեան:

Տարեվերջին Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը յայտարարեց, որ հայկական կողմի ցանկութեամբ բանագնացներու առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունուարին Մոսկուա։ Չաւուշօղլու ընդգծած էր, որ բանագնացները պէտք է մշտական կապի մէջ ըլլան եւ յաջորդիւ հանդիպումները կրնան կայանալ նաեւ Երեւան ու Անգարա:

Թէ ինչ խօսած են երէկ Էնթընի Պլինքըն ու Մեւլութ Չաւուշօղլու հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին, կողմերու պաշտօնական հաղորդագրութիւնները չեն մանրամասներ։ Փոխարէնը Չաւուշօղլու օրերս տուած հարցազրոյցի ընթացքին շարք մը մանրամասնութիւններ պատմած է հայ-թրքական նշմարուող երկխօսութեան մասին:

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը, մասնաւորապէս, պատմած է, թէ ինքն ու Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան Դեկտեմբերի սկիզբը զրուցելու առիթ ունեցած են Սթոքհոլմի մէջ ԵԱՀԿ Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս։ Ի դէպ, այս ոչ պաշտօնական շփման մասին երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւնները ոչինչ հաղորդած էին։

«Հայաստանի ԱԳ նախարարը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման դրական մօտեցում ունեցող ընկեր է: Զինք այդպէս կ’անուանեմ, քանի որ արդէն ընկերներ դարձած ենք անոր հետ հանդիպելով Սթոքհոլմի մէջ: Ընթրիքէն առաջ հնարաւորութիւն ունեցանք ոտքի վրայ յընթացս զրուցելու, խօսած ենք յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակման մասին, յայտնած եմ, որ առաջիկային պիտի յայտարարենք բանագնացներու մասին, գոհունակութեամբ ընդունեց, ընդգծուեցաւ նաեւ կարճ ժամանակի ընթացքին բանագնացներու հանդիպման անհրաժեշտութեան մասին», – ներկայացուցած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը:

Չաւուշօղլու նշած է, որ Հայաստանէն եկող ազդակներն ու ձեռնարկուող քայլերը ցոյց կու տան, որ այս պահուն հայկական կողմը դրական տեսակէտ ունի, բայց ան պէտք է մնայուն ըլլայ: Թուրք նախարարը նաեւ շեշտած էր, որ երկխօսութեան կ’երթան առանց նախապայմաններու, բայց որոշ հարցերու մէջ հնարաւոր չէ համակարծիք ըլլան: Նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը՝ Չաւուշօղլու համոզմունք յայտնած է, թէ հայկական կողմը նման նախապայման առաջ չի քաշեր՝ գիտակցելով, որ ատիկա իրատեսական չէ:

«Եթէ նախապայմաններով սկսինք, այս գործընթացը ոչ մէկ կէտի կը հասնի», – ընդգծած է նախարարը:

Չաւուշօղլու նոյն հարցազրոյցին դրական արտայայտուած էր նաեւ հայկական կողմի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի մասին, ըսելով, թէ ԵԽԽՎ-ի (Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով) Թուրքիոյ պատուիրակութեան ղեկավար՝ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճ կը ճանչնայ Ռուբինեանը եւ իրենց տպաւորութեամբ ան «հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով բարի նպատակներ ունեցող անձնաւորութիւն է, որ լաւ գիտէ Թուրքիան»։

Առայժմ յստակ չէ հայ եւ թուրք բանագնացներու առաջին հանդիպման յստակ օրը։ Միեւնոյն ժամանակ օրակարգի վրայ է երկու երկիրներու միջեւ 2019-էն դադրեցուած ուղիղ օդային հաղորդակցութեան վերականգնելու հարցը։ Թրքական եւ հայկական օդային փոխադրողները արդէն դիմած են Երեւան-Սթամպուլ թռիչքներ կատարելու համար եւ հիմա երկու կողմէն ալ համապատասխան թոյլտուութեան կը սպասեն: Մասնաւորապէս, թրքական Pegasus ընկերութիւնը Փետրուարէն սկսեալ շաբաթական երկու թռիչք կատարելու յայտ ներկայացուցած է, իսկ Flyone Armenia ընկերութիւնը կը ծրագրէ շաբաթական 3 չարթերային թռիչք կատարել նոյն երթուղիով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment