Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նկարագիր եւ Ճակատագիր

Նկարագիր եւ Ճակատագիր

by MassisPost

«Նկարագիրը ճակատագիր է»: Հերակլիդուս (Ն.Ք. 540-475)

«Ճակատագիրը պատահականութեան հարց չէ, այլ՝ ընտրութեան: Այն սպասելու բան չէ, այլ՝ նուաճելու»:
Վիլեըմ Ժենինկս Պրայըն (1860-1925)

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Երկար ամիսներու ինքնակամ դադարէ ետք, յուսախաբ սրտով կը նստինք գրելու այս խորհրդածութիւնները: Եւ հարցումը, որ կը տանջէ մեր միտքը՝ «ինչո՞ւ պատմութիւնէն դասեր չենք քաղեր եւ յաճախ կը կրկնենք նոյն սխալները»: Չենք խորհիր, որ խնդիրը կը կայանայ դարերու վրայ երկարող մեր պատմութեան մանրամասնութեանց  անտեղեակ ըլլալնուս մէջ: Ո՛չ: Տեղեակ ենք: Եւ ճիշդ այդ է, որ կը զարմացնէր մեզ, որ ինչո՞ւ կը թերանայինք դասեր քաղել անկէ: Ու վերջերս եկանք այն եզրակացութեան, որ խնդիրը պատմութեան հարց չէ, այլ՝ մշակոյթի: Մշակոյթը, որպէս համագումարը մարդուս զգացական, մտային ու գեղարուեստական կարողութեանց, կ’ազնուացնէ անոր հոգին, նպաստելով անոր նկարագրի կերտման եւ հուսկ՝ ճակատագրի սահմանման: Հակառակ անոր, որ մենք կը դաւանինք բարձր մշակոյթի տէր ազգ մը ըլլալ, բայց եթէ ազնուօրէն հարց տանք թէ որքանո՞վ կը կիրառենք այդ մշակոյթը մեր առօրեայ կեանքին մէջ, պիտի տեսնենք, որ մեր պատասխանը երբէք գոհացուցիչ պիտի չըլլայ:

Եթէ մեր բարձր մշակոյթը կիրառէինք մեր գործնական կեանքին մէջ, ապա փոխանակ մեր անձնական ու հատուածական շահերը հետապնդելու առաջնահերթութեան, պիտի գերադասէինք հետապնդել մեր հաւաքական ու ազգային շահերը: Պիտի չխեղաթիւրէինք մեր ազգի պատմութիւնը յօգուտ հատուածի մը շահերու: Պիտի չդիմէինք եղբայրասպան արարքներու, մեր ազգակիցը վերացնելով անոր տեղը գրաւելու համար: Պիտի ճիշդ դասերը քաղէինք մեր պատմութիւնէն ու չկրկնելով նոյն սխալները պիտի չհասնէինք այն շատ համեստ վիճակին, որուն մէջ կը գտնուինք ազգովին: Փոխանակ «փոքր ածու» մնալու, հետեւելով Խորենացիի խորհուրդներուն, պիտի վերագտնէինք մեր հզորութիւնն ու դիրքը աշխարհի յառաջադէմ ժողովուրդներու կարգին:

Երբ ակնարկ մը կը նետենք աշխարհի ժողովուրդներու պատմութեան վրայ, կը տեսնենք թէ ինչպէ՞ս ազգի մը իրարամէջ կռուազան մասնիկներ գիտակցեցան ամբողջի բերելիք օգուտներուն եւ յաջողեցան միասնական ուժ դառնալ: Անոնք կարողացան այդ ընել, շնորհիւ ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ գիտակցուած բարձր մշակոյթին, որ մղեց զիրենք այդ յաջողութեան: Կը տեսնենք թէ ինչպէ՞ս աղետալի պատահարներէ ետք, անոնք կարողացան ոչ միայն վերստին ոտքի կանգնիլ, այլ նուաճել նոր բարձրունքներ: Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք աւերակուած Գերմանիան եւ Ճաբոնը հրաշալի օրինակներ են միասնական ուժով, ջանասիրութեամբ, կարգապահութեամբ եւ ազգային շահի գերադասմամբ աննախադէպ նուաճումներու հասնելու:

Իսկ մենք ի՞նչ ըրինք երբ Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով տիրացանք մեր անկախութեան: Փոխանակ Արցախեան հիանալի առաջին ազատամարտը հիմք դարձնելու յառաջիկայ նուաճումներու, չարաշահեցինք այդ յաղթանակը ներքին ընդհանրումներով իրար չէզօքացնելու եւ աւարը բաժանելու համար: Որ յանգեցաւ այս խայտառակ վերջին պարտութեան, յար եւ նման հարիւրմեակ մը առաջուայ Կարսի խայտառակութեան: Շատ իրաւացի էր Թումանեան երբ ատենին կը գրէր թէ «ներսից ենք փչացած» ու կը թելադրէր, որ «աշխարհի առաջ անկեղծ խոստովանենք ու ճանաչենք մեր (այս) դժբախտութիւնը» եւ որպէս դարման մշակենք «ազգային իմաստութիւն, հոգու արիութիւն եւ առողջ բնազդներ»: Յատկանիշեր, որոնք ամուր նկարագրի հիմնական արժէքներ են:

«Մասիս»ի 2 Յունուար 2016 թիւով լոյս տեսած մեր «Գնայունը եւ Մնայունը» յօդուածին մէջ, անդրադառնալով  Թումանեանի «հոգու արիութիւն եւ առողջ բնազդներ» բնութագրումին, մեր յօդուածը կ’եզրափակէինք հետեւեալ  խօսքերով. «Ահաւասիկ «Մնայուն» արժէքներու եւս երկու օրինակ, որոնք պիտի նպաստեն մեր ինքնկատարելագործման ու յանգին «ազգային իմաստութեան», մեր մասամբ այլանդակուած ինքնութիւնը մաքրագործելու: Նիւթէն ու մակերեսէն անդին, հոգին ու խորքը գնահատելու: Բարի սրտեր, բարձր ոգիներ ու ազնիւ մարդիկ ծնելու: Շինարար աշխատանքէն անդին, ստեղծարար աշխատանքի կարեւորութեան գիտակցելու: Անձնական խրճիթէն անդին, ազգային շէնքի անհրաժեշտութեան հաւատալու: Արիութիւնը պէտք է ունենանք ամբոխին դէմ ծառանալու, ճանչնալու եւ խոստովանելու մեր թերութիւններն ու դժբախտութիւնները եւ Պարոյր Սեւակի համարձակութեամբ գոչելու՝ «Յանուն վաղուան ճշմարտութեան, թող որ այսօր լինեմ սխալ»:»

Հազարամեակներու մեր պատմութիւնը լի է հիանալի «դաս»երով, Արտաշէս Աշխարհակալի օրերէն մինչեւ մեր օրերը: Զարմանալին այն է, որ մենք թերացած ենք այդ դասերուն համապատասխան մշակոյթ ստեղծել եւ ըստ այնմ սերունդներ դաստիարակել համազգային տարողութեամբ: Շրջապատուած ըլլալով բռնի ուժը գերադասող պետութիւներով, մեր ներքին կեանքի մէջ ալ որդեգրած ենք բռնի ուժի կիրառումը, անգիտանալով, որ «փոքր ածու»ներու պարագային, արժանապատիւ կեանք մը ունենալու բանալին կը կայանայ մշակոյթի մը ստեղծման մէջ, ուր համերաշխ ոգիի եւ հաւաքական ուժի գիտակցութիւնը հիմնական տեղ կը գրաւէ: Այդ գիտակցութեան կը հասնինք ազնիւ եւ ամուր նկարագրի տէր դառնալով: Որմէ ետք արդէն կը դադրինք ճակատագրապաշտ անհատներ ու հաւաքականութիւն դառնալէ եւ կը լծուինք մեր ճակատագրի կերտման, ըստ մեր հայեցողութեան, ոչ թէ որպէս արդիւնք պատահականութեանց:

Երբ ազնիւ նկարագրի տէր ես, չես գողնար մայրուղիի վրայ տեղադրուած ցուցանակը, քու անձնական թոնիրիդ կափարիչ սարքելու համար: Չես կործաներ լեռնագնացութիւնը զարգացնելու համար տեղադրուած ազդանշանները, մարդիկ քու անձնական ծառայութիւններէդ կախեալ պահելու համար: Չես մեղադրեր ուրիշը քու ձախողութիւններուն համար եւ կ’ընդունիս սխալներդ ու թերութիւններդ ու կը սրբագրես զանոնք: Երբ ազնիւ նկարագրի տէր ես,  օժանդակութեան ձեռք կ’երկարես խոստմնալից ու մանաւանդ տաղանդաւոր բայց կարեկից պատանիներու, զարգացնելու իրենց գիտութիւնը եւ նպաստելու ազգի բարգաւաճման: Կ’աջակցիս ազգանպաստ ծրագիրներու իրագործման, գիտակցելով անոնց համատարած բազմաբնոյթ օգուտներուն: Քու համապատասխան տուրքդ կը ներդնես պետութեան գանձին, այդպիսով նպաստելով երկրի տնտեսական աճին, ժողովուրդի կենցաղի բարելաւման, սերունդներու դաստիարակութեան ու զարգացման, բանակի հզօրացման, եւ այլ համընդհանուր օգուտներու:

Պիտի հետեւի՞նք Գերմանիոյ եւ Ճաբոնի օրինակին, ընտրելու այն ճակատագիրը, որուն արժանի կը գտնենք ինքզինքնիս որպէս ազգ, թէ՞ պիտի շարունակենք մնալ գերին պատահականութեանց: Եղեռնի նախօրեակին, Օսմանեան Թուրքիոյ 18 միլիոն բնակչութեան 2 միլիոնը հայ էր եւ նշանակալից դերակատար մըն էինք: Պոլսոյ, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ առաջատար դիրքի վրայ էինք: Բայց …չարդուեցանք: Այսօր 3 միլիոն իսկ չկանք 84 միլիոննոց Թուրքիոյ եւ 10 միլիոննոց Ազրպէյճանի միջեւ: Հաւանականութիւնները մեր օգտին չեն: Որ պէտք է ստիպէ մեզի բազմապատկելու մեր ջանքերը հասնելու համար մեր նպատակին: Հայրենի ժողովուրդի կողքին ունինք 7 միլիոննոց սփիւռքահայութիւն, որ հաւանականութեանց նժարին մէջ զգալի տարբերութիւն մը կրնայ ընել: Բայց միայն եթէ միասնականութեան, ջանասիրութեան, կարգապահութեան եւ ազգային շահի գերադասութեան մշակոյթը ազգովին տիրապետող դառնայ մեր գործունէութեանց մէջ:

Պիտի տնօրինենք մեր ճակատագիրը, թէ՞ պիտի սպասենք ճակատագրի տնօրինման:

«Լինել, թէ՞ չլինել»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment