Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ Անդամ Երկիրները Պատրաստ Են Գալ Տարի Աշխատիլ Նաեւ Հայաստանի Առաջնահերթութիւններով. Սթանիսլաւ Զաս

ՀԱՊԿ Անդամ Երկիրները Պատրաստ Են Գալ Տարի Աշխատիլ Նաեւ Հայաստանի Առաջնահերթութիւններով. Սթանիսլաւ Զաս

by MassisPost

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրները պատրաստ են գալ տարի աշխատիլ նաեւ Հայաստանի առաջնահերթութիւններով, այսօր՝ Դեկտեմբեր 23-ին Երեւանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպումին յայտարարեց կառոյցի գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զաս։

Արդէն երկրորդ տարին ռազմական դաշինքի աշխատանքները համակարգող զօրավարը չմանրամասնեց, թէ ինչ խնդիրներ առաջ քաշած է Հայաստանը, որ անցեալ տարուայ պատերազմէն յետոյ շարունակաբար կը խօսի սեփական անվտանգութիւնը ամրապնդելու եւ ատրպէյճանական յարձակողականին արձագանգելու մասին:

Գլխաւոր քարտուղարը միայն ըսաւ, որ պատրաստ է ՀԱՊԿ-ի գալ տարուայ գործունէութեան հիմնական ծրագրային փաստաթուղթը, որ փաստացի կ’իրագործուի Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին. – «Այդ փաստաթուղթը արդէն մշակած ենք, համաձայնեցուցած մեր բոլոր պետութիւններուն հետ: Կը ցանկայի նշել, որ այդ առումով մեր հիմնական փաստաթղթով, որով պիտի աշխատին քարտուղարութիւնը, գլխաւոր շտապը, այլ մարմինները, արտացոլուած են բոլոր այն նախաձեռնութիւններն ու առաջարկութիւնները, որոնք արտայայտուած են Տուշանպէի մէջ, աշնանային նիստի ընթացքին եւ՛ արտաքին գործոց նախարարաներու, ե՛ւ պաշտպանութեան նախարարներու, ե՛ւ պետութիւններու ղեկավարներու կողմէ: Այնտեղ արտացոլուած են նաեւ բոլոր առաջնահերթութիւնները, որոնք բարձրաձայնուած են ձեր կողմէ Տուշանպէի մէջ աշնանային նիստի ժամանակ: Այսինքն՝ մեր պետութիւնները հաստատած են, որ պատրաստ են յաջորդ տարի աշխատիլ այն առաջնահերթութիւններով, որոնք առաջարկուած են, անոնց կարգին՝ նախագահող երկրի՝ Հայաստանի կողմէ»։

Այս Սեպտեմբերին Տուշանպէ կայացած ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին Տաճիկիստանէն ստանալով դաշինքի նախագահութիւնը՝ Հայաստանի վարչապետը առաջարկեց կեդրոնանալ կազմակերպութեան յարաշարժ զարգացման ու մեքենականութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման վրայ:

Փաշինեան մանրամասնած էր, թէ, Երեւանի պատկերացումով, անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքը արտաքին քաղաքական համակարգման եւ փոխօգնութեան խորացման, ճգնաժամային արձագանգման մեքենականութիւններու արդիականացման եւ ՀԱՊԿ ուժերու մարտունակութեան ու շարժունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ։

Այսօր, ըստ Հայաստանի կառավարութեան հարղորդագրութեան, վարչապետ Փաշինեան ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հետ քննարկած է իրավիճակը դաշինքի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս. – «Կը խօսինք նաեւ այն մասին, թէ ինչպիսի ծրագրեր եւ մարտահրաւէրներ ունենք 2022 թուականին, կ’անդրադառնանք կազմակերպութեան հետագայ զարգացման մեքենականութիւններին այն առումով, թէ ինչպիսի թերկարգաւորումներ են յայտնուել: Ի հարկէ, անդրադարձ կը կատարենք տարածաշրջանում ու ընդհանրապէս ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտում ներկայ իրավիճակին: Սա նոյնպէս շատ կարեւոր է, եւ հետաքրքիր կը լինէր լսել ձեր գնահատականները դրա հետ կապուած նոյնպէս»։

Մայիսէն ի վեր ատրպէյճանական զինուժը, ըստ պաշտօնական Երեւանի, ներխուժած է Հայաստան՝ բռնագրաւելով 41 քառակուսի քիլոմեթր տարածք։ Նոյեմբերին հայ-ատրպէյճանական սահմանային բախումները ամենախոշորն էին 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր, երկու կողմերը ունեցան զոհեր ու վիրաւորներ։

Ե՛ւ այս Մայիսին, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ատրպէյճանական ներխուժման պատճառով Երեւան դիմած է ՀԱՊԿ-ին, ե՛ւ Նոյեմբերին, երբ սահմանին ընթացող մարտերուն զուգահեռ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ Երեւան դիմած է ՀԱՊԿ գծով դաշնակից Ռուսաստանին, այդպէս ալ պարզ չդարձաւ, թէ ինչ ձեռնարկած է կամ ինչպէս արձագանգած է Հայաստանի իշխանութիւններուն Քրեմլինի նախաձեռնած դաշինքը։

Այսօր Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան եւս ընդունած է կազմակերպութեան ղեկավարը ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ներկայացնելով Հայաստանի արեւելեան սահմանին իրավիճակը եւ ընդգծելով կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած գործնական քայլերու անհրաժեշտութիւնը:

Քաղաքագէտ Բենիամին Պօղոսեանի կարծիքով, չնայած առաջիկայ ամիսներուն Երեւանը պիտի նախագահէ ՀԱՊԿ-ը եւ չնայած Զասի այսօրուայ յայտարարութեան Հայաստանի առաջնահերթութիւնները հաշուի առնելու մասին, Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան նկատմամբ դաշինքի քաղաքականութիւնը չի փոխուիր. – «ՀԱՊԿ-ը կը շարունակի անել այն, ինչ ինքը ասում էր. որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններին առկայ լարուածութիւնը պէտք է լուծուի բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով, եւ որ լուծման թերեւս լաւագոյն տարբերակը սահմանների սահմանագծման եւ այնուհետեւ սահմանազատման գործընթաց սկսելն է։ Ընդ որում, այստեղ ՀԱՊԿ-ը միայնակ չէ։ Մենք նման յայտարարութիւններ լսում ենք նաեւ Ռուսաստանից, մենք նաեւ Եւրամիութիւնից ենք լսում նման յայտարարութիւններ, որ ամէն դէպքում անկայութիւնը նուազեցնելու եւ կայունութեան հաստատման համար կարեւոր է սահմանների սահմանագծման, սահմանազատման գործընթաց սկսելն է»։

Հայաստանեան այցի մեկնարկին «Արմէնփրէսին» տուած հարցազրոյցին, Սթանիսլաւ Զաս պնդած էր, թէ ռազմական դաշինքին «շատ կը մտահոգէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին շարունակուող լարուած իրավիճակը, ուր բախումներու հետեւանքով մարդիկ կը զոհուին»։ Երբ հարց հնչած էր, թէ ինչ քայլեր պիտի ձեռնարկուին ատրպէյճանցի զինուորները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն դուրս հանելու ուղղութեամբ, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը պնդած էր, որ ելքը միայն մէկն է` հարցերը կարգաւորել դիւանագիտական եւ քաղաքական ճանապարհով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment