Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՊԵԿ-ը Շուրջ 600 Հազար Տոլարի Թմրանիւթի Մաքսանենգութեան Դէպք Բացայայտած Է

ՊԵԿ-ը Շուրջ 600 Հազար Տոլարի Թմրանիւթի Մաքսանենգութեան Դէպք Բացայայտած Է

by MassisPost

Պետական եկամուտներու կոմիտէն (ՊԵԿ) հաղորդած է թմրամիջոցի առանձնապէս խոշոր քանակի մաքսանենգութեան դէպք բացայայտելու մասին։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ օրերս ՊԵԿ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան, Արեւմտեան մաքսատուն-վարչութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու իրագործած համատեղ միջոցառումներու ի արդիւնք մաքսային հսկողութեան ենթարկուած է Սան Փաուլօ-Տուպայ-Երեւան թռիչքով Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան ժամանած Պրազիլիոյ քաղաքացին եւ վերջինիս ուղեբեռը: Ուղեբեռի մաքսային զննման արդիւնքին յայտնաբերուած է «քոքային» տեսակի թմրամիջոցի սպիտակ փոշենման զանգուածներու պարունակութեամբ 2 փաթեթ՝ թաքցուած ուղեբեռի ներքին հատուածներուն նախապէս պատրաստուած թաքստոցներուն մէջ: Յայտնաբերուած թմրամիջոցի ընդհանուր կշիռքը կազմած է 1721 կրամ: Այս խմբաքանակի շուկայական արժէքը կը կազմէ աւելի քան 600 հազար տոլար, նշած է ՊԵԿ-ը։

Փաստի առթիւ ՊԵԿ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութենէն ներս նախապատրաստուած են նիւթեր, իսկ օտարերկրացին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն բերման ենթարկուած է ՊԵԿ քննչական վարչութիւն: Պրազիլիոյ քաղաքացին ձերբակալուած է, յարուցուած է քրէական գործ:

ՊԵԿ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները կը շարունակեն համապատասխան միջոցառումներ կատարել` գործի հետ առնչութիւն ունեցող հնարաւոր այլ անձերու շրջանակը պարզելու նպատակով, նաեւ ըսուած է ՊԵԿ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի հաղորդագրութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment