Մարզական լրագրողներու եւ ազգային խումբերու գլխաւոր մարզիչներու քուէարկութեան արդիւնքով յայտնի դարձած են Հայաստանի 2021 թուականի «Տարուայ 10 լաւագոյն մարզիկներու» անունները:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` Դեկտեմբեր 21-ին կայացած քուէարկութեան մասնակցեցան լրագրողներէն մարզական 15 թղթակից եւ ազգային դաշնութիւններու ներկայացուցիչներ:
Քուէարկութեան արդիւնքով ձեւաւորուած է հետեւեալ տասնեակը՝ ըստ այբբենական կարգի,-
Ալեքսանեան Արթուր
Ամոյեան Մալխաս
Պաչկով Յովհաննէս
Դաւթեան Արթուր
Լալայեան Վարազդատ
Դանիէլեան Էլինա
Յարութիւնեան Արսէն
Մարտիրոսեան Սիմոն
Մինասեան Գոռ
Չալոյեան Դաւիթ
«Տարուայ համակրանք» մրցանակը, որու համար քուէարկած են երկրպագուները, ստացած է աշխարհի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան: