Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ եւ Ֆրանսա Կ’ողջունեն Տասը Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը

ԱՄՆ եւ Ֆրանսա Կ’ողջունեն Տասը Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կ’ողջունէ անցեալ շաբթուայ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւններէն յետոյ 10 հայ զինծառայողներու ազատ արձակումը։ Այս մասին Թուիթըրի իր էջով գրած է Պետական բաժանմունքի խօսնակ՝ Նէտ Փրայս։

«Մենք կոչ կ’ընենք ամբողջութեամբ եւ արագօրէն ազատ արձակելու մնացած բոլոր կալանաւորները», – աւելցուցած է Փրայս:

Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն եւս ողջունած է Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւններէն յետոյ 10 հայ զինուորներու ազատ արձակումը։

«Ազատ արձակուած են տասը հայ զինուորներ: Ես կ’ուզեմ ողջունել Եւրոպական միութեան վճռական գործողութիւնները, որոնց օգնութեամբ մենք կը շարունակենք առաջ տանիլ երկխօսութեան այս ճանապարհը, որ կը տանի դէպի խաղաղութիւն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Մենք առաջ կը շարժինք», – Թուիթըրով գրած է Մաքրոն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment