Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եռակողմ Հանդիպման Ընդառաջ` ՌԴ Փոխվարչապետը Առանձին Հանդիպումներ Ունեցած Է Ալիեւի, Ապա Փաշինեանի Հետ

Եռակողմ Հանդիպման Ընդառաջ` ՌԴ Փոխվարչապետը Առանձին Հանդիպումներ Ունեցած Է Ալիեւի, Ապա Փաշինեանի Հետ

by MassisPost

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու` Սոչիին մէջ երկու օրէն կայանալիք եռակողմ հանդիպման ընդառաջ Ռուսաստանի փոխվարչապետ, Հարաւային Կովկասի ճանապարհներու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբի ՌԴ ներկայացուցիչ Ալեքսէյ Օվերչուկը հանդիպած է Ատրպէյճանի, այնուհետեւ Հայաստանի առաջնորդներուն հետ:

Պաշտօնական Երեւանի հաղորդմամբ` Նիկոլ Փաշինեան, Ալեքսէյ Օվերչուկը, ՌԴ փոխ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Ռուտենքոն եւ ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ երկկողմ համագործակցութեան օրակարգին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի փոխադրային հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարներուն եւ Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի նախագահի եւ Ատրպէյճանի նախագահի Յունուար 11-ի յայտարարութեան ծիրէն ներս կատարուող աշխատանքի հետագայ ընթացքին:

Մինչ այդ, այսօր՝ Նոյեմբեր 24-ին, աւելի վաղ Օվերչուքին եւ Ռուտենքոյին Պաքուի մէջ ընդունած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Պաքուի հաղորդմամբ` կողմերը նոյնպէս մտքեր փոխանակած են եռակողմ յանձնաժողովի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հետագայ ընելիքներու վերաբերեալ: Իլհամ Ալիեւը շնորհակալութիւն յայտնած է Ալեքսէյ Օվերչուքին տարածաշրջանի ապաշրջափակման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերու համար:

«Նշուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու հնարաւորինս արագ բացումը կը նպաստէ տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման»,- հաղորդած է Ատրպէյճանի նախագահական նստավայրը։

Հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումէն բացի, Ալիեւը ռուսաստանցի բարձրաստիճան պաշտոնեային հետ քննարկած է վերջին պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ ռուսական ընկերութիւններու գործունէութեան, ապրանքաշրջանառութեան յաւելումին եւ փոխադարձ ներդրումներուն վերաբերող հարցեր:

Սոչիիի մէջ երկու օրէն կայանալիք եռակողմ՝ Փութին-Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպման գլխաւոր հարցերէն մէկը, ըստ վերլուծաբաններուն, կրնայ ըլլալ «Զանգեզուրի միջանցք»ի` հարցը, որու շուրջ, Երեւանն ու Պաքուն լուրջ տարաձայնութիւններ ունին։

«Ճանապարհներու նկատմամբ ինքնիշխանութիւնը կը պահպանեն այն երկիրները, որոնց տարածքով կ’անցնին այդ ճանապարհները», – այդ հանդիպման ժամանակ ըսած էր ան։

Անկէ քանի մը օր առաջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մանրամասնութիւններ հրապարակած էր Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու միջեւ արդէն շուրջ կէս տարի շարունակուող դռնփակ հանդիպումներէն։ Մոսկուան, մասնաւորապէս, յայտարարած էր, թէ հանդիպումներու 8-րդ փուլին զեկոյց ներկայացուած է, ուր նկարագրուած են երկաթուղային եւ ճանապարհային յստակ ուղիներ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութիւնը վերականգնելու համար։

«Այդ ուղիները ելք կ’ունենան հարեւան երկիրներ, ինչ որ կը բարձրացնէ տարածաշրջանի տարանցիկ գրաւչութիւնը եւ լրացուցիչ ներդրումներ կը բերէ։ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի համար կը բացուին լրացուցիչ հեռանկարներ՝ իրագործելու «Հիւսիս-Հարաւ» միջազգային հաղորդակցութեան ծրագիրը»,- յայտարարած էր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment